Հեգնական Եւ Սնոտի Արժեւորում

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Աշխարհը… յատկապէս քաղաքակրթուած ու կատարելոգործուած աշխարհը սովորաբար օրինակներ կը քաղէ Եւրոպայէն, ուր ընդհանրապէս ազատութիւն, ժողովդավարութիւն, հաւասարութիւն եւ այլք շատ աւելի յառաջդիմած են, քան այլուր։

Միշտ ալ օրինակելի եւ նախանցելի եղած է Եւրոպան, յատկապէս քաղաքական բնագաւառէն ներս, իր ողջմտութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Խոցելի կէտեր ու վիճակներ ստեղծուած են եւ պատմութեան սլաքը ետ տանելով՝ կարելի է նշել պարագաներ։

Սակայն, նիւթը այդ պատմութեան ընդմէջէն պատրաստուած թղթածրարը չէ, այլ Մարտ 31-ին իսկ, առանց ժամանակ կորսնցնելու, Եւրոպական Միութեան կարճ ու հպանցիկ յայտարարութիւնն է Արցախի համապետական ընտրութիւններուն առթիւ։

Արդարեւ, ստորագրութեամբ Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ եւ արտաքին գործողութեան եւրոպական ծառայութեան խօսնակ՝ Խոսեփ Պորելի, քանի մը տողով նշուած էր․- «Այսպէս կոչուած Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները ո՛չ մէկ յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն հիմնահարցի եւ անոր շուրջ կատարուելիք խորհրդակցութիւններու առնչութեամբ։․․․Եւրոմիութիւնը համոզուած է, որ Մինսքի խմբակին հետ գործակցելով միայն, կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ լուծումի մը»։

Հաւանաբար հասկնալի կրնար ըլլալ, վերոյիշեալ յանձնախումբին կողմէ նշում մը, թէ յանձնարարելի պիտի ըլլար յետաձգել այս համապետական ընտրութիւնները, պսակաձեւ ժահրի ստեղծած համաշխարհային «ցունամի»-ին պատճառով։ Սակայն, այդ հեգնական –յատկապէս երբ ընդգծենք գործածուած «այսպէս կոչուած» (so-called) բառամթերքը – յայտարարութեան մէջ մուտք չէր գործած այդ ժահրը։ Հոս տեղին է նշել, թէ աւելի քան 140 միջազգային դիտորդ եւ շուրջ 40 օտար լրագրող` 38 երկիրներէ, ուզած են ժամանել եւ հետեւիլ ընտրութիւններուն, սակայն ժահրին եւ անոր պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով կարելի չէ եղած այս մէկը իրագործել:

Դեռ աւելի՛ն. Եւրոմիութեան յայտարութիւնը կը հակասէ նոյնինքն Միութեան սկզբունքներուն։ Արդարեւ, արցախցին կատարելով համապետական ընտրութիւնները, իրագործեց ժողովրդավարական ճանապարհով ինքնակազմակերպուելու գաղափարը:

Քուէատուփ ուղղուող ընտրողներու աննախադէպ մասնակցութիւնը փաստ մըն է, որ արցախցին խորապէս կը գիտակցի իր պատասխանատուութեան եւ իր ապրած երկրի ապագային նկատմամբ: Յստակ էր այս առթիւ արտաքին գործոց նախարարութեան հրատարակած մէկ յայտարարութիւնը, որ պարզ ու մեկին պատասխան մըն է Եւրոմիութեան յայտարութեան։

Յստակ բացատրութեամբ, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շեշտէր, թէ այս ճամբուն վրայ արհեստական խոչընդոտներու ստեղծումը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հիմնարար միջազգային փաստաթուղթերու դրոյթներու խախտում է:

Եւրոմիութեան այդ սնոտի  «այսպէս կոչուած» բացատրութեա՞մբ է, որ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն  եւ ժողովուրդին հետեւողական ջանքերը պէտք է վայելեն աջակցութիւնը միջազգային հանրութեան։

Այդ հեգնական  «այսպէս կոչուած» վերլուծումո՞վ է, որ ժողովրդավարութեան, մարդկանց իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդումը կը հաստատէ ողջ համաշխարհային հանրութեան հաւաքական պատասխանատուութիւնը:

Իսկ անդրադառնալ ազերի քարոզչական մեքենային ունեցած դերին՝ այս յայտարարութեան մէջ, շատ աւելի մելան կրնայ հոսեցնել․․․անշուշտ  «այսպէս կոչուած» մսխուած գումարներուն կողքին։