Թուրքիոյ Ազգային Փոքրամասնութիւններուն Վրայ Ճնշում Կը Գործադրուի

Աշխարհ

Թուրքիոյ հիմնարկներու գլխաւոր վարչութիւնը յատուկ գրութիւն մը ուղարկեց ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող հիմնարկներուն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին հռչակած «Ազգային համերաշխութեան արշաւ» եւ «Ի՛մ Թուրքիան. մենք մեզի բաւարար ենք» կարգախօսով դրամահաւաքին մասնակցելու խնդրանք-պահանջով:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այս առթիւ քննադատութիւն հնչեցուց, այս գծով յստակացում պահանջելով մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյէն:

Փայլան նախարարին յղուած նամակին մէջ կը նշէ, որ Թուրքիոյ հիմնարկներու գլխաւոր վարչութեան ուղարկած նամակները ուղղակի պարտադրանք է եւ ճնշում՝ ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնարկներուն վրայ, յատկապէս նիւթական առումով ծանր եւ դժուար այս ժամանակաշրջանին մէջ։