Համաշխարհային Դրամատունը 3 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրէ Հայաստանին «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար

Աշխարհ, Հայաստան

Արձագանգելով COVID-19 համավարակի արագ տարածման աշխարհի եւ վերջերս նաեւ Հայաստանի մէջ՝ Համաշխարհային դրամատունը կ՝աջակցի «քորոնա» ժահրի բռնկման ընթացքին բնակչութիւնը պաշտպանելու ՀՀ կառավարութեան ջանքերուն։ Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի մէջ Համաշխարհային Դրամատան գրասենեակէն։

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան խնդրանքով՝ Համաշխարհային դրամատունը 3 միլիոն տոլար յատկացուցած է Հայաստանին՝ «քորոնա» ժահրի հաստատուած ախտորոշմամբ անձերուն անմիջական բուժօգնութեան համար անհրաժեշտ սարքերու եւ պարագաներու ձեռքբերման հրատապ կարիքները բաւարարելու համար։ Այս միջոցները պիտի օգնեն «Հիւանդութիւններու կանխարգիլում եւ վերահսկում» ընթացիկ ծրագիրին ծիրէն ներս ձեռք բերելու թոքերու արհեստական օդափոխութեան 50 սարք՝ 1,35 միլիոն տոլար արժողութեամբ։

Գնումը պիտի իրականացուի արտակարգ իրավիճակներու մէջ Համաշխարհային Դրամատան արագացուած ընթացակարգերու կիրառումով։ Համաշխարհային դրամատան տրամադրած նեղ մասնագիտական փորձագիտութեան շնորհիւ կատարուած է շուկայի արագ վերլուծութիւն՝ բուժսարքերու համաշխարհային առաջարկի խիստ կրճատման եւ աճող գիներու պայմաններուն մէջ «արժէք դրամի դիմաց» սկզբունքը ապահովելու նպատակով։ Իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի առողջապահական համակարգը պիտի զինուի լրացուցիչ բարձրորակ սարքերով, որոնք անհրաժեշտ են «քորոնա» ժահր հիւանդութեան աւելցող հաստատուած դէպքերու բուժման համար։

«Այս յանկարծահաս իրավիճակին մէջ՝ Դրամատունը պատրաստ է աջակցելու համավարակի ազդեցութեան մեղմացման նպաստելու Հայաստանի արձագանգին», – նշած է Համաշխարհային Դրամատան Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Սիլվի Պոսութղոն։ «Կ՝ուզեմ բարձրաձայնել Հայաստանի բուժաշխատողներու աննախադէպ նուիրումը՝ ի պաշտպանութիւն բնակչութեան։ Նաեւ կը յորդորեմ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն՝ ամենայն խստութեամբ հետեւելու արտակարգ իրավիճակի կանոններուն եւ պահպանելու հասարակական հեռաւորութիւնն ու կատարելու մեկուսացման քայլերը, որոնք ուղղուած են համավարակի ազդեցութեան փոքրացման»։

Նոյն մօտեցումը պիտի կիրառուի օդափոխութեան յաւելեալ սարքերու, ինչպէս նաեւ անձնական պաշտպանիչ սարքերու ձեռքբերման գործընթացին մէջ՝ առողջապահութեան հրատապ կարիքները բաւարարելու նպատակով։ Բացի այդ, Համաշխարհային Դրամատունը պատրաստ է վերածրագրաւորելու Հայաստանի մէջ իր ընթացիկ ծրագիրներու դիմագիծը՝ տարբեր ոլորտներու մէջ COVID-19-ին հակազդելու ՀՀ կառավարութեան ջանքերուն աջակցելու նպատակով։

Համաշխարհային Դրամատան ելեւմտական եւ արհեստագիտական օժանդակութիւնը սերտօրէն կը համակարգուի միւս միջազգային կազմակերպութիւններու եւ զարգացման ելեւմտական հաստատութիւններու օժանդակութեան հետ։ Մասնաւորապէս, վերոնշեալ սարքերու գնումը պիտի  իրականացուի անմիջականօրէն Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գործակալութիւններու մատակարարման խողովակներով՝ հաշուի առնելով համաշխարհային շուկային մէջ անմիջական բուժօգնութեան այստեսակ սարքերու մասով առկայ սահմանափակումները։

Համաշխարհային Դրամատան խումբը գործողութեան մէջ կը դնէ 14 միլիառ տոլար արժողութեամբ արագ արձագանգման փաթեթ՝ զարգացող երկիրներու մէջ COVID-19-ի նկատմամբ հակազդումը զօրացնելու եւ վերականգնման փուլի հասնելու ընթացքը կրճատելու նպատակով։ Անմիջական հակազդումը կը ներառէ նիւթական օժանթակութիւն, քաղաքականութեան մասով խորհրդատւութիւն եւ արհեստագիտական աջակցութիւն, որ երկիրներուն պիտի օգնէ յաղթահարելու համավարակի առողջապահական եւ տնտեսական հետեւանքները։

Միջազգային ելեւմտական ընկերակցութիւնը (IFC) 8 միլիառ տոլարի նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէ իբրեւ աջակցութիւն համավարակէն տուժած մասնաւոր ընկերութիւններու եւ աշխատատեղերու պահպանման։ Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատունը եւ Զարգացման միջազգային ընկերակցութիւնը (IBRD and IDA) նախնական 6 միլիառ ԱՄՆ տոլար կը յատկացնեն առողջապահութեան ոլորտի արձագանգման։

Քանի որ երկիրները աւելի ընդգրկուն աջակցութեան կարիք ունին, Համաշխարհային Դրամատան խումբը՝ 15 ամսուան ընթացքին՝ 160 միլիառ տոլար պիտի ներգրաւէ աղքատ ու խոցելի խաւը պաշտպանելու, գործարարութիւններուն աջակցելու եւ տնտեսութեան վերականգնման օժանդակելու համար։