Արցախի Մէջ Զինծառայող Մը Զոհուած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Ապրիլ 3-ին, ժամը 00:35-ի սահմանուն, դեռ չպարզուած հանգամանքներով՝ զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Գարեգին Կամոյի Բաբակեխեանը: Այս մասին կը տեղեկնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայէջը։

«Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։