ԱԺ-ն՝ Առանց Ընդդիմութեան՝ Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Մէկ Անգամ Տապալուած Փաթեթը

Հայաստան

ՀՀ Ազգայիին ժողով, այսօր, արդէն երկրորդ արտահերթ նիստով, ընդունեց օրակարգի մէջ ընդգրկուած երկու օրինագիծերը:

Առաջինը «Արտակարգ դրութեան իրաւական վարչաձեւի մասին» եւ «Ելեկտրոնային հաղորդակցութեան մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններու փաթեթն էր, որ ընդունուեցաւ առաջին ընթերցումով, իսկ երկրորդը «Բնակչութեան բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» նախագիծն էր, որ ընդունուեցաւ երկրորդ ընթերցումով, քանի որ առաջին ընթերցումով անիկա արդէն ընդունուած էր: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Նշենք, որ արտահերթ նիստը անցաւ առանձ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն:

Քուէարկութիւններէն ետք՝ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան կոչ ըրաւ բոլոր խմբակցութիւններուն՝ ենթադրաբար ժամը 21.30-էն ներկայ ըլլալու ԱԺ. «Ժամը 21.30-21.45-ի ընթացքին մենք պիտի գումարենք մեր երկրորդ նիստը, այս նախագիծերու երկրորդ ընթերցման համար»:

Յիշեցնենք, որ արդէն յայտնած էինք, որ այսօր հրաւիրուած ԱԺ արտահերթ նիստը մէկ անգամ արդէն տապալուած էր: Այս նիստին կը մասնակցէր միայն «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը:

Նախագիծը կը սահմանէ, որ արտակարգ դրութեան պարագային բջիջային ցանցի ներկայացուցիչները պարտաւոր են համապատասխան որոշումով սահմանուած ձեւով եւ կարգով պետական մարմիններուն տրամադրել յաճախորդներուն կողմէ օգտագործուող ծառայութեան վայրը պարզելու համար անհրաժեշտ տուեալներ (յաճախորդի տեղորոշում) եւ յաճախորդի հեռախօսահամարի հետ ուղիղ կամ անուղղակի (միջնորդաւորուած) կապ ունեցած հեռախօսահամարները, հեռախօսային խօսակցութիւնը սկսելու ամսաթիւը, սկիզբը եւ աւարտը պարզելու համար անհրաժեշտ տուեալներ, իսկ հեռախօսային զանգի վերահասցէագրման կամ փոխանցման պարագային, այն հեռախօսահամարի վերաբերեալ տուեալներ, որուն փոխանցուած է զանգը:

Յիշեցնենք նաեւ, որ երէկ ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունած էր նախագիծը, իսկ այսօր՝ երկրորդ ընթերցմամբ անիկա չընդունուեցաւ, քանի որ ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները չմասնակցեցան քուէարկութեան, իսկ «Իմ քայլ»ի այդ պահուն ներկայ պատգամաւորները 65-էն աւելի չէին: