ԱՄՆ Քոնկրէսական Փալոնը Կոչ Ուղղած Է Անմիջապէս Դադրեցնելու Ատրպէյճանին Տրուող Ռազմական Օգնութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնը, Մարտ 31-ին, կոչ ուղղած է ընդլայնելու ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը Հայաստանին եւ անյապաղ դադրեցնելու Ատրպէյճանի ռազմական օգնութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի վարչաձեւի շարունակական գրոհներուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը:

«Միացեալ Նահանգներ պէտք է անյապաղ դադրեցնէ ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին այնքան ատեն, մինչեւ այդ երկրի կառավարութիւնը դադրեցնէ իր յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, համաձայնի տարածաշրջանային հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման եւ ապացուցէ, որ դադրեցուցած է մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը»,- յայտարարած է Փալոն՝ Ներկայացուցիչներու պալատի զինուած ծառայութիւններու յանձնաժողովին մէջ իր ելոյթին ժամանակ: 

Ան նաեւ նշած է, որ պէտք է ձգտին աւելի աջակցող ազդակ ուղարկել տարածաշրջանային այն գործընկերներուն, որոնք, ինչպէս Հայաստանը, կ՝ապրին ժողովրդավարական փոխակերպումներ՝ անոնց հետ զօրացնելով ռազմավարական համագործակցութիւնը: 

Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCA) գործադիր տնօրէն Արամ Համփարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փալոնին ՝ իր առողջ միջնորդութեան համար, որ ցուցաբերած է Ատրպէյճանին ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու հարցով։ Այդ օգնութիւնը միայն հզօրացուցած եւ ոգեշնչած է Ատրպէյճանը ՝ խթանելու իր յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: