Եթէ Արցախի Ականազերծման Ծրագիրը Չեղարկուի՝ Կը Վճարենք Մարդկային Կեանքերով. Մենք Ատիկա Թոյլ Չենք Տար. Արամ Համբարեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Առաջին Լրատուական»Ի Հարցարզրոյցը Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի Գործադիր Տնօրէն Արամ Համբարեանի Հետ

«Միակ ուժը, որ շահագրգռուած է Արցախի մարդասիրական օգնութեան դադարեցմամբ, Պաքուն է: ԱՄՆ կառավարութիւնը բնական թշնամանք չունի Արցախի ականազերծման դէմ: Ականազերծումը երկար տարիներ եղած է Միացեալ Նահանգներու համաշխարհային առաջանահերթութիւններէն մէկը: Պարզ տրամաբանութիւն է. եթէ ընդհանուր բանաձեւէն հանենք Ատրպէյճանի դիրքորոշումը՝ օգնութիւնը պիտի շարունակուի, քանի որ անիկա շատ ուժեղ աջակցութիւն ունի Քոնկրէսի մէջ»:

Վերջին օրերուն հայկական մամուլի մէջ շատ կը քննարկուի այն տեղեկութիւնը, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը որոշած է դադրեցնել Արցախի տարածքին իրականացուող ականազերծման աշխատանքներու ֆինանսաւորումը: Իրականութեան մէջ այս տեղեկութիւնը վերապահումներով կարելի է նորութիւն անուանել, քանի որ այս որոշման մասին Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը, հայ փորձագէտները ահազանգած են դեռ նախորդ տարուան ամրան: Այժմ խօսքը, ըստ երեւոյթին, աւելի պաշտօնական բնոյթի տեղեկութեան մասին է: Բայց այժմ ալ պէտք է ընդգծել, որ որոշումը դեռ վերջնական չէ: Այս մասին յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը: «Առաջին Լրատուական»ի խնդրանքով ան պատասխանած է թեմային առնչուող շարք մը կարեւոր հարցերու:

Խօսքը ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան` USAID-ի կողմէ ֆինանսաւորուող եւ երկար տարիներ «The HALO Trust» կազմակերպութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուող մարդասիրական ականազերծման ծրագիրին մասին է, որուն ծիրէն ներս փրկուած են բազմաթիւ մարդոց կեանքեր: Հարկ է նկատել, որ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի Հանրապետութենէն ետք աշխարհի մէջ միակ պետութիւնն է, որ ուղիղ ֆինանսական օգնութիւն կը յատկացնէ Արցախին, եւ այս առումով ամերիկեան ֆինանսաւորման դադարեցումը, ի հարկէ, լաւ լուր չէ, եթէ հաշուի առնենք, որ ըստ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան՝ մարդասիրական ականազերծման աշխատանքները Արցախի մէջ դեռ աւարտած չեն, եւ կը պահպանուին բնակչութեան համար ականներով պայմանաւորուած վտանգները:

Թրամփի վարչակազմի այս որոշումը տարատեսակ ենթադրութիւններու եւ գուշակութիւններու առիթ դարձաւ՝ հարցին տալով նաեւ քաղաքական երանգներ: Ամերիկացի հեղինակաւոր վերլուծաբան, Ուաշինկթընի Միջազգային խաղաղութեան Քարնեկի հիմնադրամի «Ռուսիա եւ Եւրասիա» ծրագրի առաջատար գիտաշխատող Փոլ Սթրոնսկին (Paul Stronski) դեռ նախորդ տարուան Օգոստոսին «Առաջին Լրատուական»-ի հարցազրոյցին ընթացքին ներկայացուցած էր այն վարկածը, որ Արցախի ֆինանսական աջակցութեան կասեցումը Թրամփի պատասխանն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն ուղարկելու որոշման: Ան ընգծած էր, թէ Հայաստանը ռուսական առաքելութեան ծիրէն ներս Սուրիա ուղարկած է ԱՄՆի կողմէ եւ «ամերիկացի հարկատուներու դրամով մարզուած» ականազերծողները:

Եղած են նաեւ պաշտօնական մեկնաբանութիւններ: Քոնկրէսականներու հարցումներուն ի պատասխան՝ ԱՄՆ պետքարտուղարի օգնական Մերի Թէյլըրն ու USAID-ի տնօրէնի օգնական Ռիչըրտ Փարքըրը պատասխան նամակին մէջ նշած են, որ 2017 թուականէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան մէջ ականներէն որեւէ զոհ չէ եղած, եւ այժմ կը քննարկուի օժանդակութեան նոր հնարաւորութիւն, մասնաւորապէս՝ բնակչութեան նախապատրաստումը խաղաղութեան:

Աւելի առաջ՝ Մարտ 11-ին, ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի 75 անդամ նամակով դիմած էին Արտաքին յատկացումներու հարցերով ենթայանձնաժողովի ղեկավարութեան՝ կոչ ընելով 2021 թ. պիւտճէի նմէջ նախատեսելու ֆինանսական միջոցներ՝ Արցախի մէջ ականազերծման եւ վերականգնման աշխատանքներու շարունակականութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանին յատկացուող օգնութիւնը ընդլայնելու համար: Արցախի համար ամերիկացի քոնկրէսականները 1.5 միլիոն տոլար կը խնդրեն լիազօր մարմիններէն:

Իսկ Արամ Համբարեան ըսած է, որ Արցախի ականազերծման ծրագիրին վերաբերող որոշումը դեռ վերջնական չէ. «Վերջնական որոշումը պիտի կայացուի իշխանութեան գործադիր եւ օրէնսդիր ճիւղերու փոխգործակցութեան իբրեւ արդիւնք: Վերջնական որոշումը ի յայտ պիտի գայ յառաջիկայ շաբաթներուն, ամիսներուն ընթացքին, երբ սկսի 2021թ. «Օտարերկրեայ Պետութիւններուն Օգնութեան» տրամադրման մասին օրինագիծի (Foreign Aid Bill) մշակումը»:

Թեմային շուրջ «Առաջին Լրատուական»-ի զրուցակիցն է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

«ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ».- Պարոն Համբարեան, այս թեմային առնչութեամբ մեզի առաջին հերթին կը հետաքրքրէ այն հարցը, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը որոշեց դադրեցնել Արցախի օգնութեան ծրագիրը: Ո՞րն է պատճառը:

ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ.-  Վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին՝ թէ՛ Քլինթընի, թէ՛ Պուշի, թէ՛ Օպամայի հիմա ալ՝ Թրամփի օրօք, Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը միշտ ալ ընդդիմացած է Արցախին ամերիկեան օգնութիւն տրամադրելու ծրագրին: Այս ծրագիրը սկսած է 1998 թուականին եւ անոր նպատակը մարդասիրական օգնութիւնն էր, օրինակ՝ նիւթական օգնութիւն առողջապահական ոլորտին, մաքուր ջուրի խնդրի լուծում, իսկ արդէն այսօր՝ ականազերծման աշխատանքներ: Իշխանութեան գործադիր ճիւղը միշտ ալ ընդդիմացած է այս ծրագիրին, եւ Քոնկրէսն է, որ սկսած է զայն ու ապահոված անոր շարունակականութիւնը աւելի քան 20 տարի: Այս իմաստով ասիկա նոր զարգացում չէ:
Նորութիւնը այն է, որ Թրամփի օրօք գործադիր ճիւղի յարձակումը, ճնշումները ծրագիրին վրայ աւելի ծանր են, քան նախորդ վարչակազմերուն օրօք: Եւ բոլոր պատճառները կը տանին դէպի Պաքու, Արցախի մարդասիրական օգնութիւնը կանգնեցնելը Պաքուի քաղաքական առաջնահերթութիւնն է: Տարիներ շարունակ ԱՄՆ կառավարութիւնը դիմակայած է Ատրպէյճանի ճնշումներուն՝ ընդդէմ այս մարդասիրական ծրագիրի օգուտներուն ու նաեւ խաղաղութեան մէջ իրականացուող այն ներդրումներու, որոնք կը բխին այդ ծրագիրէն:

«ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ».- Նկատի ունիք՝ ասոր պատճառը կրնայ Ատրպէյճանի կառավարութեան ճնշո՞ւմը ըլլալ:

ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ.-  Ես նկատի ունիմ, որ միակ ուժը, որ շահագրգռուած է Արցախի մարդասիրական օգնութեան դադրեցումով, Պաքուն է: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը բնական թշնամանք չունի Արցախի ականազերծման դէմ: Ականազերծումը երկար տարիներ եղած է Միացեալ Նահանգներու համաշխարհային առաջանահերթութիւններէն մէկը: Պարզ տրամաբանութիւն է. եթէ ընդհանուր բանաձեւէն հանենք Ատրպէյճանի դիրքորոշումը, Ատրպէյճանի շահը՝ օգնութիւնը կը շարունակուի, քանի որ անիկա շատ ուժեղ աջակցութիւն ունի Քոնկրէսի մէջ: Յիշեցէք, որ 2017-ին եւ 2019-ին
իրականացած է երկու օրէնսդրական ուղղում, նախորդ տարի Ներակայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի 100 անդամ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Արցախի ականազերծման ծրագիրին USAID-ին ուղղուած նամակով, իսկ այս ամիս նամակով հանդէս եկաւ 70-է աւելի քոնկրէսական՝ կոչ ընելով շարունակելու ծրագիրը: Այնպէս որ, ծրագիրը շատ մեծ աջակցութիւն ունի, եւ միակ դիմադրութիւնը Պաքուի կողմէն է: Թրամփի վարչակազմը կրնար գտնել այդ քանի մը միլիոն տոլարը, եթէ խնդիրը զուտ դրամը ըլլար: Բայց ասիկա դրամի խնդիր չէ, ասիկա քաղաքական խնդիր է:

«ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ».- Քարնեկի հիմնադրամի փորձագէտ Փոլ Սթրոնսքին նոյնպէս քաղաքական դրդապատճառներ կը նշէ՝ ըսելով, թէ Թրամփի այս որոշումը կապուած է Սուրիա հայկական մարդասիրական առաքելութիւն ուղարկելու որոշման հետ:

ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ.-  Կան նաեւ այլ վարկածներ՝ կապուած Իրանի հետ, կապուած Ատրպէյճանի հետ եւ անոնք կրնան ճշմարիտ ըլլալ: Բայց այն, ինչ հաստատ ճիշդ չէ, Թրամփի պաշտօնական բացատրութիւնն է, թէ պատճառը պիւտճէական կամ վարչական փոփոխութիւններն են, եւ այդ գումարը պիտի յատկացուի այլ առաջնահերթութիւններու: Եթէ պատճառը ձեր ըսածն է կամ այլ վարկած մը՝ Թրամփի վարչակազմը պէտք է բացատրէ իր որոշման պատճառները եւ ոչ թէ ձեւացնէ, թէ ասիկա պարզապէս պիւտճէական խնդիր է: Ատիկա լուրջ չէ: Գումարը, որուն մասին կը խօսինք, այնքան փոքր է, որ այդ բացատրութիւնը չի կրնար համոզիչ ըլլալ:

«ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ».- Իսկ ունի՞նք արդեօք իրական հնարաւորութիւններ փրկելու Արցախի ականազերծման ծրագիրը քոնկրէսականներու աջակցութեան միջոցով կամ այլ ճանապարհներով:

ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ.-  Մենք պիտի ընենք ամէն ինչ այս ծրագիրը փրկելու համար: Ասիկա կեանքեր փրկող ծրագիր է, ասիկա ներդրում է խաղաղութեան մէջ եւ եթէ անիկա չեղարկուի՝ մենք պիտի վճարենք խաղաղ բնակիչներու՝ գիւղացիներու եւ երեխաներու կեանքերով: Մենք ատիկա չենք արտօներ:

«ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ».- Դուք ըսած էք, որ որոշումը դեռ վերջնական չէ: Այսինքն՝ դուք կը հաւատաք, որ կարելի է որեւէ բան փոխել:

ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ.- Կը կարծեմ՝ դուք ծանօթ էք մեր համակարգին. Քոնկրէսը կ՝ընդունի ֆինանսական յատկացումներու օրինագիծը, յետոյ նախագահը կը հաստատէ զայն: Այս գործընթացին մէջ կողմերէն իւրաքանչիւրը մեծ իշխանութիւն եւ ուժ ունի եւ միաժամանակ՝ կողմերէն ոչ ոք 100 տոկոսանոց իշխանութիւն չունի: Գործադիր իշխանութիւնը շատ յստակ ցոյց տուած է իր դիրքորոշումը եւ հիմա պարտաւոր է նոյն յստակութեամբ բացատրութիւն տալու: Ասիկա բաւական բարդ գործընթաց է, որ դեռ չէ աւարտած: Հարկաւոր է հասկնալ շատ կարեւոր բան մը՝ գործադիր իշխանութիւնը միշտ ալ դէմ եղած է օգնութեան ծրագիրին եւ եթէ անոնք կարենային սպաննել զայն, ուստի ատիկա պիտի ընէին 20 տարի առաջ: Անոնք միշտ ալ դէմ եղած են: Ասիկա բաւական ծանր յարձակում է, բայց անոնք նախապէս ալ դէմ եղած են, ասիկա նորութիւն չէ:

«ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ».- Եթէ ականազերծման ֆինանսաւորումը դադրեցուի՝ պէ՞տք է արդեօք ակնկալենք մարդասիրական այլ ծրագիրներ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ:

ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ.- Ատիկա այն կարեւոր հարցերէն է, որ մենք այժմ կը քննարկենք, բայց այս պահուն մեր գլխաւոր նպատակը Արցախը ականներէն ազատելն է: