ՍՕ Խաչի Աշխատանոցի Շրջ. Յանձնախումբը Հազարաւոր Քթակապեր Կը Կարէ

Սփիւռք

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կը թելադրէ մշտապէս օգտագործել քթակապեր նախազգուշանալու պսակաձեւ ժահրէն եւ զերծ մնալու որեւէ վարակի փոխանցումէն։ Այս իմաստով Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան Աշխատանոցի Յանձնախումբը մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս ծառայողական ոլորտին մէջ աշխատող երիտասարդներուն համար հազարաւոր քթակապեր կարեց, հականեխել տուաւ զանոնք ու բաշխեց բոլոր անոնց, որոնք ծառայողական կամ բժշկական ոլորտներուն մէջ կ՚աշխատին՝ օգտակար դառնալու մեր ժողովուրդին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

#Տունը_Մնացէք։ Մենք պիտի ծառայենք ձեզի։