Նախազգուշութիւնը Բուժման Առաջին Քայլն Է

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Պսակաձեւ ժահրէն պաշտպանուելու նախազգուշական աշխատանքը նոյնքան կարեւոր է որքան բուժումը:

Նախազգուշութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ համաճարակը կը տարածուի այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ որոշ պետութիւններ տակաւին մարդկային իրենց առաքելութիւնը կը շրջանցեն, պատճառ դառնալով վարակի տարածման վտանգին աճման: Ներկայ պայմաններուն մէջ այս համաճարակը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է պետութիւններու միջեւ գործակցութիւնը, քաղաքական նկատառումներու եւ մրցակցութեանց շրջանցումով, որովհետեւ այս ժահրը կը սպառնայ ողջ մարդկութեան:

Որքան տհաճ է տեսնել, որ թրքական ուժեր Հասիչէի ժողովուրդին ջուր մատակարարող ջրամուղ խողովակները կը փակեն այսպիսի պայմաններու մէջ ու Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կը ստիպուին վերաբանալ զանոնք: Սա ոչ թէ քաղաքական հաշուարկ է, այլ ներկայ պայմաններու յաղթահարման մարտահրաւէրը չընկալելու անգրագիտութեան դրսեւորում: Նոյնն է պարագան արեւմտեան այն երկիրներուն, որոնք տակաւին շրջափակման մէջ կը պահեն Իրանն ու Սուրիան, պատճառ դառնալով համաճարակի տարածման. տարածում մը, որ ո՛չ սահման, եւ ոչ ալ ազգութիւն կը ճանչնայ:

Սուրիոյ մեր ժողովուրդը անհրաժեշտ է որ զինուի նախազգուշացման բոլոր գիտելիքներով, իմանայ թէ ինչպիսի՛ նախազգուշական քայլերու պէտք է դիմէ զերծ մնալու ժահրէն: Այստեղ կարեւորութեամբ կը յիշեցնենք նաեւ, որ պետութեան սահմանած բոլոր օրէնքներուն ճշգրտութեամբ, առանց անտեսումի հետեւիլը էական է՝ թէ՛ մենք զմեզ, թէ՛ մեր ընտանիքները, եւ թէ շրջապատը խնայելու համար: Կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելով պէտք է գործակցութեան ոգի ցուցաբերել:

Սուրիահայ Համայնքի բարեսիրական միութիւններն ու Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանին յառաջացուցած Առողջապահական Յանձնախումբը պատրաստ են ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, անհրաժեշտ առողջապահական կեդրոններ ուղղելու վարակուողները եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու՝ նուազագոյն վնասներով ձերբազատելու այս համաճարակէն:

Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը եւս անհրաժեշտ այլընտրանքները սահմանած է արդէն ուսումնակրթական տարին իր լրումին հասցնելու համար: Կրթութեան նախարարը յառաջիկայ օրերուն հանդէս պիտի գայ մամլոյ ասուլիսով, պարզաբանելու որդեգրուած քայլերը:

Միւս կողմէ, Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան եւ Նոր Գիւղի «Տիգրանեան» կեդրոնի մեր հայ տղաքը, նախազգուշական բոլոր միջոցները յարգելով, կը շարունակեն հսկել հայկական թաղամասերն ու ազգային կեդրոնները, օժանդակել յատկապէս երէց ու ֆիզիքապէս անկարող մեր հայորդիներուն, ապահովել անոնց հանապազօրեայ հացն անգամ եւ տիրութիւն ընել մեր ժողովուրդին:

Ուստի, բոլորիս հաւաքական ճիգերով ջանանք շրջանցել այս ծանր կացութիւնը եւ տուն մնալու կոչին անսալ, թելադրելով բոլորին տուն մնալ պետութեան սահմանած ժամանակահատուածին ու գէթ մեր բաժինը բերել վտանգի համեմատութեան նուազեցման ճիգերուն:

Տո՛ւն մնացէք: