Հայաստանի Մէջ 1625 Բացասական Արդիւնք, 100-է Աւելի Մեկուսացումէ Դուրս Եկած Քաղաքացի, 39՝ Նոր Դէպք

Հայաստան

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «քորոնա» ժահրով վարակուելու 39 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: Մարտ 27-ի, ժամը 10:00-ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը 329 է:

Քննութիւններու 1625-ը տուած է բացասական արդիւնք:

Յիշեցնենք, որ Մարտ 26-ին արձանագրուած էր «քորոնա» ժահրով հիւանդի մահուան առաջին դէպքը:

Մարտ 26-ին, ժամը 10:00-ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրէն ապաքինուած է 18 քաղաքացի, մեկուսացումէ դուրս եկած՝ աւելի քան 100 քաղաքացի: