ՆՇՄԱՐ.- Պսակաձեւին Դէմ Ի՞նչ Կը Սպասուի Պետական Մարդէն Եւ Մամուլէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

– Ուզենք-չուզենք՝ ինկած ենք այս պսակաձեւ ժահրին ճիրաններուն մէջ։ Ե՞րբ պիտի ազատինք այս աղէտալի վիճակէն… Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս վերջ պիտի գտնէ խուճապի եւ յուսահատութեան մատնող այս մթնոլորտը,- հարցուց բարեկամս, բնականաբար՝ հեռաձայնէն. բացառութիւն չենք, բոլորին պէս կամովին բանտարկուած ենք մեր բնակարաններուն մէջ, առտու-իրիկուն կը հետեւինք լուրերուն, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ ծանօթ վարակին ու անոր գործած աւերներուն մասին է։
– Ամէնէն ստոյգ պատասխանդ կրնաս առնել այն մասնագէտներէն, որոնք տեղին, հիմնաւորուած եւ համոզիչ լուսաբանութիւններ կու տան կանխարգելիչ միջոցներու մասին,- պատասխանեցի։
– Ո՞ր մէկուն պէտք է հաւատանք։ Նախագահը բան մը կ՚ըսէ, վարչապետ մը՝ ուրիշ բան, նախարարներ ու քաղաքական մարդիկ ուրիշ նուագարաններ կը նուագեն. սեմֆոնի չէ, իսկական խառնիճաղանճ: Մեր պատմական Արշակաւանը ասոր պէս բան մը ըլլալու էր…
– Ասանկ վիճակներու մէջ, նախագահներն ու պետական այլ մարդիկ նախընտրաբար պէտք է լռեն եւ գործը ձգեն մասնագէտներու, մանաւանդ՝ փորձառուներուն, որոնք ոգի ի բռին կը պայքարին համաճարակին դէմ, Չինաստանէն մինչեւ Քորէաներ, Հայաստան, Իտալիա, Սպանիա, Նիւ Եորք եւ այլ ,տաք կէտերուե մէջ. մարդիկը իրենց կեանքը վտանգի կը մատնեն, զոհուողներ ալ եղան։ Իսկ պետական կարգ մը առաջնորդներ պատկերասփիւռներէն երեւնալու մրցումի ելած են, ու հազարերորդ անգամ ըլլալով փաստեցին, որ այսպիսի կացութիւններու մարդը չեն, զիրենք հոն հասցնողներն ալ բանէ-բամպակէ չեն հասկնար։ Կը կարծեն, որ լաւատեսութիւն տարածելով՝ ժողովուրդը հեռու պիտի պահեն յուսահատութենէ եւ ջղային տրամադրութենէ, մինչդեռ ճշմարտութեան դէմ երթալով՝ պատճառ կ՚ըլլան յաւելեալ խուճապի եւ ահազանգերու։
– Իմ կարծիքովս, ամէնէն ուժեղ ահազանգն ալ աւելորդ չէ այս օրերուն…
– Ամբողջովին համաձայն եմ, մանաւանդ, որ աշխարհի տարածքին տակաւին կան ,հերոսականե տրամադրութիւններով տոգորուած զանգուածներ, որոնց համար եղածը հեռուէն եկող ջուրի ձայն կը թուի։ Սակայն պէտք չէ մոռնաս մետալին միւս երեսը։
– Հո՞ս ալ մետալ կայ… Ըսածդ քանի՞ երես ունեցող մետալ է։
– Կարճ խելքովս բացատրեմ, մնացեալը կը ձգեմ առողջ դատողութեանդ…
– Իմ ալ կարճ խելքովս, գիտնականները պէտք է ամէն բանէ առաջ քննութիւն բանան, տեսնելու համար, թէ այս ժահրը արդեօք առաջին անգամ մարդոց ուղեղի՞ն ու տրամաբանութեա՞ն կը վնասէ։ Յետոյ, պէտք է ծինաբանները ստուգեն, թէ բժիշկներուն ու առողջապահութեան մասնագէտներուն թելադրանքները անտեսողները՝ ըլլան պետական մարդիկ թէ հասարակ մահկանացու, արդեօք ո՞ր անբան անասունէն սեռած են։ Խօսքը մեր միջեւ, երկարականջ չորքոտանիին մեղքը չառնենք…
– Այս կատակիդ մէջ բաւական իմաստ կայ։ Եկո՛ւր, կատակը մէկդի ձգենք եւ քիչ մը տրամաբանենք։ Ըսէ՛ նայիմ. այս ժահրով վարակուողները անպայման կը մեռնի՞ն։
– Լսածիս համաձայն, վարակուածներուն թիւին հետ՝ մահացութեան համեմատութիւնը կամաց-կամաց կը բարձրանայ, բայց հազիւ 4-5 առ հարիւր է։ ։
– Այո՛. մէկ հոգիի կորուստն ալ կորուստ է, սակայն երբ ալիքը անխուսափելի կը դարձնէ մահերը, պէտք է մտածել, որ վնասին ո՛ր կէտէն ալ դառնաս՝ շահ է։ Ուրեմն, մարդիկ նուազ խուճապահար կ՚ըլլան, եթէ անդրադառնան, որ մինչեւ իսկ վարակուելու պարագային, Գաբրիէլ հրեշտակը անմիջապէս դիմացդ պիտի չտնկուի, հիւանդանոցն ու դարմանատունն ալ անպայման քաւարան չեն։
– Ասիկա ինչպէ՞ս պէտք է հասկցնել մարդոց…
– Կը կարծեմ, որ նախ եւ առաջ պետական պատասխանատուները պէտք է խելամիտ դառնան ու վերջ տան իրենց խելքին հասած-չհասածին մասին խօսելու սնափառութեան: Բոլորը նոյն տոպրակին մէջ չդնենք. իմ խօսքս գիտե՛ս որոնց մասին է։ Նո՛յնքան եւ աւելի՛ կարեւոր է մամուլին, լրատու աղբիւրներուն դերը։
– Մամուլը ասկէ աւելի ի՞նչ կրնայ ընել։ Ամէն վայրկեան կոչեր կը տարածէ, որ պէտք է մարդիկ ժամանակաւորապէս ինքնամեկուսացումի դիմեն, վարակին տարածումը կանխարգիլող միջոցներ ձեռք առնեն… մաքրութիւն… եւ այլն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ ալ, բանակն ու ոստիկանութիւնը ամէնէն խիստ միջոցներով կը հոգան տարածման արգիլումը։
– Ատոր չափ կարեւոր է նաեւ իրականութիւնները ներկայացնել հաւասարակշռուած պատկերով, եւ ո՛չ անպայման զգայացունց բաներ տարածելու տրամաբանութեամբ. բնական օրերուն, ատիկա է իրենց սովորութիւնը, մինչդեռ տագնապը կը պահանջէ բոլորովին տարբե՛ր մտածողութիւն, տրամաբանութիւն, մօտեցում…
– …Այսի՞նքն։
– Տամ քանի մը օրինակ։ Լրատուութեան մէջ առաւելաբար կը շեշտեն վարակուածներուն եւ զոհերուն թիւը. երբեք նկատա՞ծ ես, որ նոյնքան չեն ծանրանար դարմանուողներու թիւերուն վրայ։
– Չէի անդրադարձած. ճի՛շդ ես։ Բայց հոն ուրիշ տրամաբանութիւն կայ։ Լաւը՝ լաւ է, անկէ վնաս չի գար. մարդիկ վատին վրայ պէտք է կեդրոնանան այս փուլին…
– Իմ խօսքս խուճապը մեղմացնելու ձեւին մասին է։ Ըսածիդ համաձայն եմ, սակայն եկո՛ւր, դուն ալ իմ ա՛յս կէտիս համաձայն եղիր։
– Ուրի՞շ…
– Ուրիշ օրինակ մըն ալ։ Գրեթէ ամէն օր, պատկերասփիւռը կը ցուցադրէ այսինչ կամ այնինչ վաճառատան մէջ պատահած անախորժ դէպքերը, ցոյց կու տայ, թէ դարակները որոշ նիւթերէ պարպուած են։ Չե՞ս կարծեր, որ նման տեղեկատուութիւն, որքան ալ ճիշդ ըլլայ, նախ բացարձակապէս համատարած չէ, յետոյ, կը մտրակահարէ խուճապը, մարդիկը վաճառատուներ կը վազցնէ գնելու այնքան մթերք, զոր պիտի չկարենան սպառել ամիսներով։ Մինչդեռ, թէ՛ պետական պատասխանատուներ, թէ՛ լրատու աղբիւրներ եւ թէ վաճառորդներ պէտք է զանգուածին միտքը հանգստացնեն, որ աւելորդ խուճապի կարիք չկայ, պահանջները կարելի է բնական ընթացքով մատակարարել, որովհետեւ բեռնատարներու երթեւեկը չէ վտանգուած, պատերազմ-ռմբակոծում չկայ։ Այս ըսածս հաւանաբար պատերազմ տեսած երկիրներու ժողովուրդները աւելի՛ լաւ պիտի հասկնան, քան անոր քովէն չանցնողները։
– Ըսել կ՚ուզես, որ խուճապը մեղմացնելու համար, մարդ պէտք է անպայման պատերա՞զմ տեսած ըլլայ…
– Մի՜ չափազանցեր։ Ես անանկ բան չըսի՜։ Ըսածս այն է, որ չափազանցեալ մթերումը եւ խուճապը կը նուազի, տագնապը աւելի պաղարիւն եւ տանելի ձեւով կը դիմագրաւուի, եթէ մարդիկ վստահ ըլլան, որ իրենց կարիքները պիտի բաւարարուին խելամիտ աշխատանքով։
– Բայց մարդիկ իրաւունք ունին մտահոգուելու, մանաւանդ անոնք, որ սահմանափակ եկամուտով կ՚աշխատին, տան, մանուկներու հոգ ունին, իսկ այդ հոգերը շատ տեղ աւելցած են՝ դպրոցներու փակուելու հետեւանքով։
– Բերանս խօսք դրիր։ Ահա թէ ո՛ւր է պետական-կառավարական մարդոց պատասխանատուութեան բաժինը։ Տե՛ս. կարգ մը երկիրներու, անոնց շարքին՝ փոքրիկ Լիբանանի կառավարութիւնն իսկ, հակառակ երկրին տնտեսական ահաւոր վիճակին, ձեռնարկած է արտակարգ քայլերու եւ որոշ շրջաններու մէջ մարդոց անմիջական կարիքները գոհացնելու գործնական քայլեր կ՚առնէ։ Մեր փոքրիկ Հայաստանին մէջ ալ շատ մը մեծերէն աւելի՛ լաւ կը վարուին։ Ժողովուրդին միտքը կը հանդարտեցնեն՝ ըսելով, որ պարենաւորման հարց չկայ, ներածումի ճամբաները բաց են, դժուարութեան մատնուողներ իրենց գլխուն պիտի չձգուին, պատկերասփիւռէն կը ցուցադրեն, որ խանութներուն եւ մեծ վաճառատուներուն դարակները ապրանքով եւ մթերքներով լեցուն են։ Թերեւս պարապ դարակներ հո՛ն ալ կան, բայց մարդիկը աւելի՛ խելացի կը շարժին եւ բաժակին լեցուն բաժինը կը ցուցադրեն ժողովուրդին, ժողովուրդն ալ կ՚ընէ իրմէ սպասուածը. տունէն դուրս չի գար, խուճապահար գնումի չ՚ելլեր: Ամերիկեան կառավարութեան որոշ քայլերն ու կարգ մը կառավարիչներու, քաղաքապետներու յայտարարութիւններն իսկ վաղը իրենց բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենան:
– Այդ բոլոր ըսածներդ բաւական խելքի պարկելիք են, սակայն մի՛ մոռնար, որ մարդը մարդ է. այսպիսի կացութիւններու մէջ, անպայման կը տարուինք հոսանքին հետ։
– Ըսածդ վէճ չի վերցներ։ Իմ ալ ըսածս այն է, որ ծանր կացութիւնը իսկապէս քիչ մը թեթեւցնելու եւ խուճապ, մտատանջութիւն զգալիօրէն մեղմացնելու ձեւեր կան։ Իշխանութիւններն ու լրատու աղբիւրները պէտք է արտակարգ վիճակին համապատասխան մօտեցում ցուցաբերեն, ժողովուրդը լաւ ձեւով ԿԱ-ՌԱ-ՎԱ-ՐԵՆ։ Մինչեւ հիմա, խաղաղեցնելու եւ լուծումի առաջնորդելու չափ, խուճապի ստեղծման մասնակից են։ Չե՞ս տեսներ, որ քանի՜ երկիրներու մէջ մարդիկ շատ աւելի խելացի կը շարժին, ծանր օրերը թեթեւութեամբ անցընելու համար հնարքներու կը դիմեն՝ կ՚երգեն, համացանցի ճամբով ժամանցի կարելիութիւններ կը ստեղծեն, այսինքն՝ պետական կարգ մը մարդոցմէ եւ լրատու որոշ աղբիւներէ շա՜տ աւելի լաւ գործ կ՚ընեն։ Այս տագնապը ի վերջոյ պիտի անցնի, իր տուրքը պիտի գանձէ, կեանքը առաւել կամ նուազ չափով իր բնականոն վիճակը պիտի գտնէ։ Պէտք է ժողովուրդը պատրաստել նա՛եւ անոր։ Բժիշկ չեմ, ո՛չ ալ մասնագէտ, սակայն կը մտածեմ, որ սա վարակը եթէ խստագոյն ինքնամեկուսացումով կարենանք սանձել, աղէտալի վիճակը դէպի բարեշրջում պիտի երթայ քանի մը շաբաթէն: Մասնագէտները կ՚ըսեն, որ վարակուածի մը վիճակը յստակ կ՚ըլլայ շուրջ 15 օրէն, այսինք, ժահրին ազդեցութիւնը մնայուն չէ, շուրջ 15 օրէն մարդս կրնայ դարմանուիլ, եթէ վարակը մահացու չէ: Չինաստան այդպէս եղաւ:
– Մինչեւ հոն հասնի՜նք…
– Հա՛, մինչեւ հոն հասնինք՝ ընելիք շա՜տ բան կայ. հիւանդանոցներն ու դարմանատուները հսկայական կարիքներ ունին. աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր այս տագնապին ահազանգը ամէն օր կը լսենք, մինչդեռ իրական քայլերը նոր սկսան։
– Ես ալ անանկ կը մտածեմ։ Պէտք է աւելցնեն արտադրութիւնը կանխարգելիչ միջոցներուն՝ ձեռնոց, դիմակ, հականեխիչ նիւթեր, հիւանդանոցային սարքեր…։ Գիտե՞ս. կարդացած եմ, որ երբ պատերազմներ ծագած են, կառավարութիւններ պարտադրած են, որ կարգ մը գործարաններ իրենց գործը ձգեն, զէնք, փամփուշտ եւ նման բաներ արտադրեն։
– Այդպէս է. հարցը հոն է, որ այդ արտադրանքները կարելի եղած է շարունակել պատերազմներու աւարտէն ետք ալ. մինչեւ այսօր, գիտե՛ս թէ զէնքի շուկանները որքան շահաբեր են. մինչդեռ եթէ դիմակ-ձեռնոցի եւ անանկ բաներու արտադրութիւնը հիմա աւելնայ, վաղը անոնց սպառումը պիտի իյնայ, արտադրողները պիտի սկսին վնաս կրել։
– Սկսար հարցը քաղաքականացնել։ Հիմա, ամէն աշխատանք պէտք է հեռու պահուի քաղաքականացումէ։ Մինչեւ իսկ, եթէ ինծի հարցնես, սակարանները գոցել կու տամ, որպէսզի ,շուկաները ինկանե, ,տնտեսութիւնը փուլ կու գայեի վայնասունները չգումարուին ահազանգին վրայ։ Ըսածս իրականութենէն փախուստ տալ չէ, սակայն երբ պետական մարդիկ եւ լրատու աղբիւրներ անմիջական կարիքներէն աւելի՛ կը շեփորահարեն այդ բոլորը, որեւէ բարիք չեն ըներ։ Ի՞նչ կարելի է ընել, երբ աշխարհը կը դիմագրաւէ երկրաշարժի, հրաբուխի, ցունամիի եւ նման անակնկալ ու աննախատեսելի աղէտներու գումարէն աւելի համատարած այս աղէտը, որ աշխարհագրական որոշ գօտիով մը չէ սահմանափակուած։ Յետոյ… Ի՜նչ տնտեսութիւն, ի՜նչ ելեւմտական շուկայ՝ երբ մարդոց անմիջական փորի ցաւը ուրիշ տեղ է…
– Այս մածունը շատ ջուր կը տանի… Եկո՛ւր, այսօր այսքանով խմենք մեր թանը։