Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Պայմանագրային Զինուոր Մը Վիրաւորուած է․ Վնասուածքը Թեթեւ է

Հայաստան

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին պայմանագրային զինծառայող մը վիրաւորուած է, յայտնած է պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։

«Հակառակորդը առաջինը կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով ալ մէկ վիրաւոր ունինք: Զինծառայողը թեթեւ վնասուածք ստացած է, կեանքին վտանգ չի սպառնար»,– ըսած է ան:

Ստեփանեանի խօսքով` ատրպէյճանական կողմին վրայ զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չկան, իսկ խօսակցութիւնները, թէ առաջինը հայկական կողմը կրակած է, հակառակորդին տեղեկատւութեան սադրանքն է:

ՊՆ խօսնակը ընդգծած է, որ այժմ իրավիճակը սահմանին հանգիստ է:

Աւելի առաջ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ յայտնած էին, որ Տաւուշի կողմէն հայկական ԶՈՒ–ի սադրանքը կասեցուցած են: