Արսէն Թորոսեան, Նուպար Աֆէեան, Լորտ Արա Տարզի Պիտի Մասնակցին COVID-19-ի Թեմայով Առցանց Սեմինարին

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Դոկտոր Նուպար Աֆէեան եւ IDeA հիմնադրամի, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան եւ UWC Դիլիջան միջազգային դպրոցի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան, Լոնտոնի կայսերական քոլեճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի տնօրէն, «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST) կառավարման խորհուրդի անդամ Լորտ Արա Տարզին եւ «Մաքքինզի ընդ Քոմփանի» ընկերութեան տնօրէն Անտրէ Անտոնեան պիտի մասնակցին «Քորոնա» ժահրի առնչութեամբ «COVID-19. առերեսուելով համաշխարհային վախին» թեմայով առցանց սեմինարին: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` առցանց սեմինարը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 28-ին, ժամը 15:00-ին եւ պիտի հեռարձակուի Futures Studio քննարկումներու հարթակով:

Քննարկման մասնակիցները պիտի կիսուին իրենց տեսակէտներով, թէ ինչպէս շարունակուող համավարակը կ՛ազդէ առօրեայ կեանքի տարբեր երեւոյթներուն վրայ, պիտի քննարկեն գալիք ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, վարքագիծային եւ այլ փոփոխութիւնները, որոնք պէտք է կանխատեսել եւ պատրաստ ըլլալ անոնց համատեղ լուծման յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն ընթացքին:

Աշխարհի մէջ նոր տեսակի «Քորանա» ժահրով` COVID-19-ով հիւանդներուն թիւը անցած է 550 հազարը: Մահացածներուն թիւը կ՛անցնի 24 հազարը, ապաքինուածներունը՝ 128 հազար 701։ Վարակուածներու 95 տոկոսին մօտ հիւանդութիւնը կ՛ընթանայ թեթեւ, 5 տոկոսին մօտ` ծանր: