Հայաստանի Մէջ «Քարոնա» Ժահրէն Բուժուած է 28 Մարդ

Հայաստան

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր ըսած է, որ այսօր «Քորոնա» ժահրի համավարակէն 10 բուժուած քաղաքացի կայ: Անոնց կրկնակի քննութիւնը բացասական եղած է:

Ընդհանուր առմամբ` այս պահուն 28 բուժուած քաղաքացի կայ եւ այժմ բուժման մէջ կը գտնուի 300 անձ:

 «Երեկ տեղի ունեցած է մօտ 40 քաղաքացիներու մեկուսացումէն դուրս գալը, անոնց մօտ քննութիւնը եղած է բացասական եւ վերադարձած են տուն»,- ըսած է նախարարը:

 Իսկ միւս հիւանդներու պարագային, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող մէկ քաղաքացի կայ, մէկ քաղաքացիի վիճակը ծանր է, իսկ մնացածի կեանքին այս պահուն որեւէ վտանգ չի սպառնար:

 «Ունինք առանց ախտանշաններու բազմաթիւ վարակուածներ, որոնք պարզապէս մեկուսացման մէջ են հիւանդանոցներու կամ հիւրանոցներու մէջ»,- նշած է Արսէն Թորոսեան:

 Նախարարը հաստատած է նաեւ, որ 2-ամսական երեխայի եւ մօր վարակման դէպք կայ. 

 «Երեխան ընդհանրապէս ախտանշաններ չունի, մայրն է 2 օր ջերմութենէ ետք, այս պահուն ախտանշաններ չունի: Անոնք հիւանդանոցի մէջ են` բժիշկներու հսկողութեան տակ»: