Հալէպի «Քրիստափոր» Գրադարանի 100-ամեակին Առիթով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սեպուհ Արշակի Տանակէօզեան

«Գանձասար»

Սիրտս պարուրող այս հարիւրամեակը ետ կը տանի զիս յիսուն տարուան շրջան մը վերյիշելու:

1968-69-ին ամառնային երեկոյ մը առաջին անգամ ըլլալով մտայ «Քրիստափոր» գրադարան, հօրս՝ Արշակին ձեռքը բռնած, որ օրին գրադարանին դասաւորումը ստանձնած էր:

Դրան վերը ցուցատախտակին՝ գրադարան, ներսը պահարաններուն ամրացուած խաւաքարտի շերտերուն վրայ իմաստուն խօսքեր, որոնցմէ կը յիշեմ «ծանիր զքեզ»ը, պատերուն՝ քանի մը նկար, անոնցմէ մէկը մեզի ծանօթ Սայեաթ Նովան իր քամանչայով, պահարանները գիրք եւ սեղաններուն վրայ մեծ չափի տետրակներ՝ գիրքերու ցանկերն էին: Անոնց ետեւը երկու հոգի կ’ըլլար ընդհանրապէս, մէկը՝ սպասման վիճակի մէջ, միւսն ալ ընթերցողի մը հետ զբաղած: Այս ամէնուն հետ գիրքերուն հոտը ինծի անծանօթ կը թուէր տակաւին: Օրին հազիւ տասը տարեկան տղեկ մըն էի, Քրիստափոր Միքայէլեան անունն իսկ տակաւին անծանօթ էր ինծի: Բայց յաջորդ տարիներուն պարզուեցաւ, որ գրադարան մտնելուս հետ «Քրիստափոր» գրադարանն ալ մէջս մտած է:

Քանի մը տարի փակ մնալէ ու փոշիներու տակ մոռցուելէ ետք, գրադարանը անգամ մը եւս յանձնուեցաւ հօրս՝ Հոկտեմբեր 1973-ին:

Որպէս պատանի, գրեթէ ամէն օր ակումբն էի, երբ վերաբացման կազմակերպչական աշխատանքները սկսան, ի միջի այլոց՝ նորոգութիւն, գրքերու դասաւորում, ցանկագրում եւ այլն: Կը հետեւէի հօրս եւ պրն. Խաչիկ Սարգիսեանին, ու երբ հայրս նոյնիսկ աննշան պարտականութիւն մը տար՝ արդէն առանձնաշնորհեալ կը համարէի ինքզինքս:

1978-ին, ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալէս ետք միայն առիթը ունեցայ աշխատելու որպէս գրապահներէն մէկը, այս պաշտօնին անցնելով աստիճանաբար: Երկսեռ, երիտասարդ ընկերներ-ընկերուհիներու եռուզեռ մը կար հոն, բայց ես կրցայ սպրդելով տեղ գտնել «Քրիստափոր» գրադարանի աշխատակազմին մէջ:

1989-ի Նոյեմբերին, 2-3 անձրեւոտ երեկոներու ընթացքին, տղոց օժանդակութեամբ գրադարանը փոխադրուեցաւ ԱՄԺ Տուն: Պարագաները փոխուած էին, գրադարանը այլեւս գործավար ունէր գրապահներու փոխարէն, ինքզինքս գտայ գրադարանի յանձնախումբին մէջ նախ որպէս անդամ եւ ապա որպէս պատասխանատու՝ 1990-էն մինչեւ 2001 կամ 2002, շարունակելով իւրաքանչիւր գիրքի հետ ապրում եւ իրականացուած ձեռնարկի հետ յաղթանակ տանողի զգացումով սնանիլ: Նոյն ապրումները կ’ոգեւորեն զիս մինչեւ օրս:

100-ամեակի առիթով խոստովանեցայ իմ ոչ-ծածուկ սիրոյս մասին, որ «Քրիստափոր» գրադարանն է, աւելին՝ հպարտ եմ որ ծառայած եմ հոն:

Երկու տարիէ ի վեր ցաւով հեռացած եմ Հալէպէն, սակայն բաժնուած չեմ զգար կեանքիս մէջ կարեւոր տեղ գրաւած այս մասնիկէն:

«Քրիստափոր»ը, ուր նուիրումով աշխատանքը անպակաս եղած է հոն, իր պատմական հանգամանքով արժանի է մեր սիրոյն եւ հոգատարութեան:

Սրտիս խօսքը տասնամեակներու վրայ տարածուած աշխատանքովս կրնամ մասամբ ըսուած համարել, շնորհակալ ըլլալով նաեւ որ այսօր առիթը ունեցայ արտայայտուելու անգամ մը եւս, բարի երթ մաղթելու մեր իրականութեան մէջ անզուգական «Քրիստափոր» գրադարանին: Աննկուն կամք ու յարատեւութիւն կը մաղթեմ անոր վարչական ընկերներուն եւ հովանաւոր մարմինին: