Վարակուած եւ Բուժում Չստացող Անձիք Հիւանդանոցներէն Պիտի Տեղափոխուին Հիւրանոցներ

Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը հիւանդանոցային հզօրութիւնները ճիշդ կառավարելու խնդիր ունի եւ այսօր հիւանդանոցներու մէջ կան վարակուածներ, որոնք ոեւէ բուժում չեն ստանար: Այդ մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ այդ հիւանդները պիտի տեղաւորուին հիւրանոցներու մէջ:  

«Այդ հիւանդներու մօտ ախտորոշուած է «Քորոնա» ժահր, բայց անոնց վիճակը թեթեւ է, որեւէ բուժում չեն ստանար: Անոնց հիւանդանոց գտնուիլը արդարացուած չէ: Այսօր պարոն Աւինեանի եւ պարոն Թորոսեանի մասնակցութեամբ ունեցանք քննարկում ու որոշեցինք, որ թեթեւ դէպքերուն, որոնք, ըստ էութեան, մեծամասնութիւնն են, փորձենք աշխատիլ հիւրանոցներու հետ, որպէսզի տեղաւորենք զանոնք հիւրանոցներու մէջ` ապահովելով սնունդն ու այլ կարիքները: Պիտի շարունակենք այս քաղաքականութիւնը: Սա նաեւ օգտակար է տնտեսութեան առումով, քանի որ հիւրանոցները այսօր դատարկ են: Այստեղ ի հարկէ, որոշ բարդոյթներ պիտի ըլլան, հիւրանոցները կը վախնան իրենց անունի յետագայ մրցունակութեան հետ կապուած, բայց հիւրանոցները պարտաւոր են ժամանակ առ ժամանակ ախտահանել իրենց սենեակները: Հիմա ալ կրնան բազմաթիւ դէպքեր ըլlալ, որ տարբեր հիւանդութիւններով մարդիկ այդ հիւրանոցներու մէջ կը բնակին: «Քորոնա» ժահրէն ետք ալ այդ սենեակներու հետ ոչ մէկ վատ բան կը պատահի, առաւել եւս եթէ յետոյ ախտահանուին,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ, ըսած է վարչապետը:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան իր հերթին նշեց, որ այդ ցուցումները յստակ պիտի տրուին եւ այսօր ալ կ՛ախտահանուին այն 7 վայրերը, ուր կան մեկուսացած մարդիկ:

Վարչապետը յանձնարարեց պատասխանատուներուն բանակցիլ հիւրանոցներու հետ, որ այնպիսի գին սահմանուի, որը շուկայական չի կրնար ըլլալ: Նիկոլ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ ունին հնարաւորութիւն վարչական որոշումով հարցը լուծել, բայց այդ ճանապարհով չեն երթար: «Պիտի բանակցինք հիւրանոցներու հետ, որոշակի գին պիտի պայմանաւորուինք»,- ըսած է ան: 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հաստատուած 290 դէպք կայ: