«Հայաստան» Հիմնադրամին Կողմէ Շուտով Հայաստան Պիտի Հասնին 7 Արհեստական Շնչառական Համակարգեր

Հայաստան, Սփիւռք

 «Քորոնա» ժահրի տարածման իրավիճակը վերահսկելի դարձնելու նպատակով շարունակաբար Հայաստան կը ներմուծուին մեծ քանակով բժշկական պարագաներ, ինչպէս նաև սարքեր։

«Հայաստան» հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, շուտով Հայաստան պիտի հասնին 7 արհեստական շնչառական համակարգեր, որոնցմէ 2-ը ձեռք բերուցած են Մեծ Բրիտանիոյ, իսկ 1-ը Հոլանտայի  տեղական մարմիններու օժանդակութեամբ: Ֆրանսայի տեղական մարմինէն գալիք շաբաթուան ընթացքին կը սպասենք 20-ական հեռահար ջերմաչափ և թթուածինի խտացուցիչ սարք, որոնց կէսը պիտի ուղարկուի Արցախ։

Մարտ 25-ին 800 3M տեսակի բարձրորակ դիմակներ փոխանցուեցան Նորքի վարակաբանական հիւանդանոցին, իսկ 70 հատ բժշկական հանդերձանք` ՀՀ ԱՆ Մարդասիրական օգնութեան հանրապետական կեդրոնին: Եւս 1000 նոյնատիպ դիմակ եւ 100 հատ բժշկական յատուկ հանդերձանք պիտի փոխանցուի մօտ օրերս:

Նախապէս, շուրջ 800 քկ․ մեծաքանակ կանխարգելիչ, պաշտպանիչ, ինչպէս նաեւ ախտահանիչ բժշկական պարագաներ, ներառեալ` բժշկական պաշտպանիչ հանդերձանք, դէմքի շնչառական դիմակներ, ախտահարիչ հեղուկներու համար յատուկ շիշեր, ախտահանիչներ, պաշտպանիչ ակնոցներ, թուային ջերմաչափեր եւ այլ միջոցներ  տրամադրուած էին առողջապահութեան նախարարութեան հիմնադրամի ԱՄՆ–ի արեւմտեան շրջանի գրասենեակի, «Chevy Chase Surgery Center»-ի եւ «Հայ օգնութիւն միութիւն» աջակցութեամբ:

Հիմնադրամի կայքին մէջ COVID-2019 համաճարակի դէմ յատուկ առցանց դրամահաւաք–արշաւ կազմակերպուած է: Ներկայիս հաւաքագրուած է աւելի քան 50.000 ԱՄՆ տոլար: Հաւաքագրուած գումարը պիտի ծառայի ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան ամենէն առաջնային կարիքներուն: