Դամասկոսի Հայ Գաղութը Վերջին Հրաժեշտը Տուաւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Վաստակաշատ Տնօրէնուհի եւ Ուսուցչուհի օրդ. Արփի Պետիկեանին

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2020-ին, դամասկահայ գաղութը իր վերջին հրաժեշտը տուաւ երկարամեայ վաստակաշատ կրթական մշակ օրդ. Արփի Պետիկեանին։

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան, Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան, Դամասկոսի Թեմի Ազգային ժողովի, Ազգ. Թարգմանչաց ճեմարանի հոգաբարձութեան, Ազգ. Սահակեան վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հանգուցեալին յիշատակը յարգողներ:


Ազգային յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Ս.Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Թաղմանական կարգը կատարեց Գերշ. Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ վեր առնելով օրդ. Արփի Պետիկեանին Դամասկոսի ազգային կեանքին մէջ ունեցած հայապահպան առաքելութիւնը եւ ուսումնակրթական ասպարէզէն ներս սերունդներու դաստիարակութեան նուիրական գործը:


Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ, երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան հանգուցեալին դամբանականը արտասանեց: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ․ “Անգնահատելի է օր. Արփիի ունեցած ներդրումը Դամասկոսի կրթական կեանքին: Ան տասնեակ տարիներ դասաւանդած է իր պաշտած հայերէն լեզուն,
տասնեակ տարիներ տնօրինած է իր սուրբ Ազգային Միացեալ վարժարանը:
Ձեզմէ շատերուն ուսուցչուհին, շատերուն տնօրէնուհին եղած է օր. Արփին, դառնալով ազգային կարեւոր դէմք և օրինակելի կերպար: Ան արժանացած էր նաև արաբ տեղացի ծնողներուն, ուսուցչուհիներուն և պետական տնօրէններուն ու կրթական պաշտօնեաներուն յարգանքին: Բոլորս կը յիշենք իր խստապահանջ նկարագիրը՝ մայրենին՝ արևմտահայերէնը ճշգրիտ ձեւով օգտագործելու և պահպանելու, հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու, հայը, միեւնոյն ժամանակ սուրիահայը կերտելու․․․”:


Այնուհետեւ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ ազգային գերեզմանատուն: Միացեալականները Միացեալի քայլերգով հողին յանձնեցին վաստակաշատ կրթական մշակը:


Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ օրդ. Արփի:Թող Աստուած երկնքի պայծառութեան մէջ պահէ մաքրամաքուր հոգիդ: