Մարդը Ինքն է Զոհը եւ Դահիճը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա.Ա.

Մինչ ամբողջ աշխարհը կը պայքարի պսակաձեւ ժահրին դէմ, հեղինակաւոր մասնագէտներ այս ահաւոր իրավիճակին տուն տուող պատճառներուն մէջ գլխաւոր յանցաւորը կը համարեն մարդը, որ թէ անհատական եւ թէ հաւաքական իմաստով չարաչար կը շահագործէ Մայր Բնութեան աղբիւրները, կը քանդէ արեւադարձային անտառները, անասուններուն բնակավայրերը կը վերացնէ եւ իր անպատասխանատու արարքներով պատճառ կը դառնայ, որ անասնական աշխարհը մարդ էակին առօրեային միանայ եւ իր չարիքները թափէ մեր վրայ։
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կլիմայի հարցերով յանձնակատար Ինկէր Անտերսէն աւելի առաջ կ՛երթայ եւ պսակաձեւ ժահրը կը համարէ Մայր Բնութեան կողմէ մարդկութեան յղուած պատգամ մը, զոր պէտք է լսած ու անոր հետեւած ըլլար նախապէս, երբ Sudden Acute Respiratory Syndrome (SARS) ահաւոր հիւանդութեան պսակաձեւ ժահրը աշխարհի տարածքին մեծ խուճապ ստեղծեց։Այդ օրերուն պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, բժշկական ամբողջ ընկերութիւնը շեշտեցին անասնական աշխարհին մութ ծալքերէն հեռու մնալու հրամայականը։ Տրուեցան խոստումներ՝ կտրուկ քայլերու դիմելու, օրինակի համար, չնաշխարհիկ անասուններ ուտելու արտառոցութեան վերջ տալու իմաստով, բայց երբ ամէն ինչ խաղաղեցաւ, մարդիկ մոռցան իրենց խոստումները եւ վերադարձան անասնական աշխարհը քանդելու իրենց հին սովորութեան։
Այս իմաստով, ԱՆգլիոյ կենդանաբանական ընկերակցութեան մասնագէտներէն՝ փրէօՖեսօր Էնտրիւ Քանինկհամի նկատողութիւնը բաւական է, որպէսզի հասկցուի, թէ ինչ է խնդիրը։ 2007-ին SARSի համաճարակին ընթացքին պատրաստուած համապարփակ տեղեկագրին եզրակացութեան մէջ կը շեշտուի, որ «Պայտաձեւ չղջիկներու մօտ գտնուող վարակներու այն հսկայ պահեստը, որ յար եւ նման է SARS-ի, միանալով չնաշխարհիկ ստնաւորներ ուտելու սովորութեան, որ տիրական է հարաւային Չինաստանի մէջ, ժամանակի ռումբ մըն է»։


Եզրակացութիւնը շատ յստակ է եւ կը խօսի այն ահաւոր վտանգին մասին, որ անասնական աշխարհը մարդկութեան կրնայ ուղղել, երբ միջամուխ կը դառնանք կենդանական աշխարհին մութ-մութ ծալքերուն, չենք յարգեր անոր իւրայատկութիւնները, եւ չարաչար կը շահագործենք երկրագունդին հարստութիւնները, քանդելով կենսաբազմազանութեան օրէնքին դրոյթները։Ասիկա է պատճառը, ըստ Ինկէր Անտերսէնի, որ անասնական աշխարհէն մարդուն հասած է ահաւոր վարակներ, ինչպէս՝ Ebola,Bird Flu,MERS,SARS, Rift Valley Fever,Weat Nile Virus եւ Zika, որոնք բոլորն ալ անասնական աշխարհէն սպրդելով հասած են մարդուն եւ ալ կրնաք պատկերացնել հետեւանքները։
Պսակաձեւ ժահրին պարագան ալ նոյն պատճառը ունի։ Հարվըրտ համալսարանի Հանրային Առողջապահութեան դպրոցի մասնագէտներէն՝ Աարոն Պերնըշթայն խորապէս համոզուած է, որ անասուններու բնակավայրերու քանդումը զանոնք առաւել կը մղէ մարդկային ընկերութիւններուն մօտենալու, ինչ որ ահաւոր առիթ մըն է վարակներու, մանրէներու եւ այլ միքրոօրկանիզմներու, որոնք պէտք է մնային ու ապրէին չնաշխարհիկ անասուններու մէջ, բայց ահա կը մօտենան մեզի եւ օր մըն ալ, երբ աշխարհը ամբողջ տարուած էր քաղաքական, զինուորական, տնտեսական թէ այլ բնոյթի տագնապներով, տարակարծութիւններով, մրցակցութեամբ եւ թշնամանքով, ինչպէս պատահեցաւ հեռաւոր Չինաստանի Ուհան նահանգին մէջ, չնաշխարհիկ ողջ ստնաւորներու շուկային մէջ պսակաձեւ ժահրը սպրդեցաւ եւ վարակեց մարդը։


Եւ ահա այսօր իրավիճակը մեր աչքերուն առջեւ է։ Ամբողջ աշխարհը կանգ առած է՝ ահով ու սարսափով ականատես ըլլալով մարդուն անզօրութեան, այս աներեւոյթ թշնամիին դէմ։


Այս անգամ մարդը արդեօք պիտի գիտակցի՞, որ կարելի չէ այլեւս բարկացնել Մայր Բնութիւնը։Չեմ գիտեր։Բայց մէկ բան յստակ է, որ պէտք է ասիկա դաս մը ըլլայ մարդկութեան։