Արցախ Կ՛աջակցի Համաշխարհային Զինադադարի Կոչին

Հայաստան

Արցախ կ՛աջակցի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշին`աշխարհի ամբողջ տարածքին համաշխարհային զինադադարի հաստատման կոչին։

Այս մասին կը նշուի Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ: «Արցախը կը վերահաստատէ իր լիարժէք հաւատարմութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան հակամարտութեան գօտիին մէջ հրադադարի դրութեան  պահպանմանը: Այս ճգնաժամային պահուն ողջ մարդկութեան ջանքերը պէտք է ուղղուեն COVID-19-ի դէմ պայքարին»,- կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։