Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Ժամանակաւոր Ցուցադրութիւնները` Առցանց

Հայաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկը (ՀՑԹԻ) կազմակերպած է ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու առցանց դիտում: Այս մասին կը տեղեկացնէ թանգարանի ֆէյսպուքեան էջը:

«2019-ի աշնանը ՀՑԹԻ կազմակերպեց «Հայերի փրկութեան գործը Մերձաւոր Արեւելքում 1915-1923 թուականներին. ազգային միասնութիւնից դէպի վերածնունդ» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը:

Ցուցադրութեան ծիրէն ներս ներկայացուած է բացառապէս հայկական կողմի կատարած ներդրումը ցեղասպանութիւնը վերապրողներու փրկութեան գործին: Առանձին խորագիրներով լուսաբանուած են հայկական հոգեւոր կառոյցներու ունեցած դերակատարութիւնը:

Ցուցադրուած են նաեւ հայկական կազմակերպութիւներու` ՀԲԸՄ, Հայ ազգային Միութեան, Եգիպտոսի հայ որբախնամի, Միջագետքի հայկական կազմակերպութիւններու, Հայկական կարմիր խաչի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան, ապա` ՀԽՍՀ կառավարութիւններու իրականացուցած որբախնամ ձեռնարկումները:

Ցուցադրութեան կրնաք ծանօթանալ այցելելով ՀՑԹԻ կայքկամ այցելելով թանգարանի ֆէյսպուքեան էջ։