Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրէն Ապաքինուած է 14 Քաղաքացի. Նախարարը Նոր Տուեալներ Ներկայացուցած է

Հայաստան

Հայաստանի մէջ Մարտ 24-ին, ժամը 21:00-ի դրութեամբ «քորոնա» ժահրէն  ապաքինուած է 14 քաղաքացի, մեկուսացումէն դուրս եկած է 88 հոգի: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Այսօր գումարային ունինք հետեւեալ դրական արդիւնքները. բուժուած 14 քաղաքացի, որուն 12-ը մեկուսացման մէջ եղած քաղաքացիներէն, որոնց մօտ հաստատուած էր ժահրը, բայց անոնք որեւէ գանգատ չունէին եւ հիւանդանոց չէին մտած, իսկ միւս 2-ը Վարակաբանական հիւանդանուցին մէջ բուժուող քաղաքացիներն էին (արդէն իսկ այսօր յայտարարուած): Վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ բուժուող եւս 2 քաղաքացիի մօտ ժահրի զննման արդիւնքը բացասական է, վաղը կրկնելէ եւ բացասական պատասխանէ ետք, անոնք նոյնպէս դուրս կու գան հիւանդանոցէն: Մեկուսացումէ դուրս եկած է ընդհանուր 88 քաղաքացի` 37-ը իրենց շէնքին մէջ մեկուսացուածներէն (արդէն իսկ այսօր յայտարարուած), իսկ 51-ը` յատուկ վայրի մէջ մեկուսացուածներէն»,- գրած է Թորոսեանը: