Քաղաքացիներու Տեղաշարժը Կը Սահմանափակուի

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած յղած իր ուղերձին մէջ ըսած է, որ առնուազն մէկ շաբաթ խիստ սահմանափակումներ պիտի կիրառուին քաղաքացիներու տեղաշարժի հետ կապուած, կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը։

«Այսօրուընէ տունէն պիտի դուրս ելլել միայն կենսական անհրաժեշտութեան պարագային եւ ունենալով անձը հաստատող փաստաթուղթ: Փողոց դուրս եկած մեր քաղաքացիները պէտք է բացատրութիւն ունենան, թէ ինչու դուրս ելած են»,- ըսած է վարչապետը: 

 Ան տեղեկացուցած է, որ պարէտատունը պիտի սահմանէ յատուկ ձեւաթուղթ, որ պէտք է լրացնել:  

Նիկոլ Փաշինեան կոչ ըրած է նաեւ 2 հոգիէ աւելի չհաւաքուիլ միեւնոյն վայրին մէջ, եւ իրարմէ 10 մեթր հեռաւորութիւն պահպանել: 

 Ան տեղեկացուցած է, որ այսօր` 18:30-ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի 249 դէպք, մէկի վիճակը ծայրայեղ ծանր է` 77-ամեայ քաղաքացիին, չորսինը` ծանր: 

 «Պէտք է ամէն ինչ ընենք` մահուան ելքերով դէպքերը բացառելու համար»,- ըսած է վարչապետը: 

ՀՀ փոխվարչապետ, արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեան ընդունած է քիչ առաջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած` ՀՀ քաղաքացիներու տեղաշարժի սահմանափակումներու մասին որոշումը:

Որոշումը, որ հրապարակուած է ՀՀ կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ ուժի մէջ կը մտնէ Մարտ 24-ի 00:00-էն մինչեւ Մարտ 31-ի ժամը 23:59:

Ըստ ընդունուած որոշումին՝ քաղաքացիները իրաւունք պիտի ունենան այցելել միայն պարէնային ապրանքներու խանութներ, դեղատուներ, գիւղատնտեսական արտադրանքի շուկաներ, հիւանդանոցներ ու բժշկական այլ հաստատութիւններ, խնամքի կարիք ունեցող անձերու բնակութեան կամ կացութեան վայրեր, հոգեհանգստի եւ յուղարկաւորութեան, բայց միայն համապատասխան գրութեան ու անձը հաստատող փաստաթուղթի առկայութեան պարագային:

Քաղաքացին օրը մէկ անգամ իրաւունք պիտի ունենայ իր բնակութեան վայրի մօտ ֆիզիկական վարժութիւններ կամ հեծանուավարութիւն իրականացնել: Կը թոյլատրուի անձնական փոխադրամիջոցով առաւելագոյնը երկու անձերու (ներառեալ վարորդը) տեղափոխումը: