1315 Բացասական Արդիւնք, 14 Բուժուած, 265 Հաստատուած Դէպք Հայաստանի Մէջ

Հայաստան

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «քորոնա» ժահրով վարակուելու 16 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Մարտ 25-ի, ժամը 10:00-ի դրութեամբ, «քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը 265 է: Քննութիւններուն 1315-ը տուած են բացասական արդիւնք:

Մարտ 24-ին, ժամը 21:00-ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրէն  ապաքինուած է 14 քաղաքացի, մեկուսացումէ դուրս եկած՝ 88:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ամբողջ տարածքին, Մարտ 24-ի ժամը 23:59-էն մինչեւ Մարտ 31 ժամը 23:59, կը սահմանափակուի մարդոց ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը: