Ժահրը եւ Մակաբոյծը (virus and the parasite)

Յօդուածներ – Զրոյցներ


Ներսէս Սարգիսեան

Համաճարակի այս ժամանակներուն,մարդկային տեսակը քաղաքակրթութեան եւ արհեստավարժութեան մեր դարաշրջանին,իր խոցելիութիւնը կը դրսեւորէ բոլոր մակարդակներու վրայ։Մէկ կողմ դնելով դաւադրութեան տեսութիւնները եւ երեւակայածին scenario ները,փաստ է, որ այսպէս կոչուած գերզարգացած երկիրները անկարող եղան դիմագրաւել տագնապը։Պարզուեցաւ,որ “զարգացում” հասկացողութիւնը միանշանակ եւ միաչափանիշ չէ, արուեստական են գնահատականները, survey-ները, երբ մեր աչքերուն առջեւ, հազարաւոր մարդիկ կը մեռնին անօգնական գերզարգացած երկիրներու մէջ, ժահրի մը զոհը դառնալով։ Ժահրը փաստեց մարդկային յոխորտանքներուն սարդոստայն մը ըլլալու ցաւալի իրականութիւնը։

Պիտի անցնի այս տագնապը իր ետին թողելով մարդկային կորուստներ, տնտեսական ճգնաժամ…
Այս տագնապը հերթական անգամ ցոյց տուաւ, թէ ամենէն վտանգաւոր ժահրը մեր հիւանդ, եսակեդրոն մտքերն են։ Արդեօ՞ ք պիտի կրնանք յաղթահարել մեր հիւանդագին սխալ մտածումները, քաղաքականութիւնները։
Պատմութիւնը փաստած է սակայն, որ մարդկութեան յիշողութիւնը կարճ է։

Տագնապը ցոյց տուաւ նաև, որ ընկերութեան մէջ խաւ մը, նոյնիսկ ի տես ողբերգութեանց, միշտ պիտի շարունակէ կատարել ԱՃՊԱՐԱՐի իր դերը, փաստելով, որ ամենէն վտանգաւոր ժահրերու ժամանակներուն նոյնիսկ, ինք կը մնայ անգերազանցելի, վերապրող մակաբոյծը։