100 Տարեկանին Մահացած է ՄԱԿ-ի Նախկին Գլխաւոր Քարտուղար Խաւիէր Փերէս Տէ Գուէլեարը

Աշխարհ

Մարտ 4-ին մահացած է փերուացի դիւանագէտ, ՄԱԿ-ի 6-րդ գլխաւոր քարտուղար Խաւիէր Փերէս տէ Գուէլեարը։ Այս մասին կը հաղորդէ «alikonline.ir»-ը՝ վկայակոչելով BBC-ն:

Փերէս տէ Գուէլեարը ծնած է 1920-ին: Իրաւաբանական կրթութիւն ստացած է Լիմայի Կաթոլիկ համալսարանին մէջ, 1940-էն զբաղած է դիւանագիտական ծառայութեամբ:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը զբաղցուցած է 1982-1991 թուականներուն: Այս պաշտօնին եղած ընթացքին ան նպաստած է Ֆոլգլենտեան կղզիներուն շուրջ ծաւալած անգլօ-արժանթինեան հակամարտութեան կարգաւորման, Կայանայի եւ Վենեզուէլլայի միջեւ սահմանային վէճերու կարգաւորման, Նամիպիայի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, իրանա-իրաքեան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Մարոքի կառավարական ուժերու եւ Արեւմտեան Սահարայի մէջ Պոլիսարիոյի ճակատի միջեւ հրադադարի հաստատման:

1995-ին Փերուի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած է իբրեւ թեկնածու, սակայն պարտուած է` ստանալով 22% ձայն:

Իր գործունէութեան ընթացքին արժանացած է մօտ 25 երկրի մրցանակներու:

Տէ Գուէյլեարի ընտանիքին իր ցաւակցութիւնները յայտնած է ՄԱԿ-ի ներկայ գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուդերեշը: