Դուինի Հնավայրի Տարածքին Թանգարան Պիտի Կառուցուի

Հայաստան

Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Դուինի հնավայրի տարածքին մէջ թանգարան պիտի կառուցուի: Այդ մասին յայտարարած է Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեան` նշելով, որ ան նախատեսուած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի 2020-ի ծրագիրով:

«Թանգարանը պիտի կառուցուի Դուին հնավայրի տարածքին, ուր կան գտածոներ, պատմամշակութային արժէք ներկայացնող ցուցանմուշներ, որոնք այժմ բաց երկինքի տակ են եւ կը վնասուին: Ուստի շատոնց նախատեսուած էր այնտեղ կառուցել թանգարան»,- աւելցուցած է Սարգսեան, կը տեղեկացնէ «Փասթինֆօ»-ն:

Սարգսեանի խօսքով` պիտի հիմնանորոգուի նաեւ 18 քմ․ ճանապարհահատուած, որ Արարատի մարզը պիտի կապէ Կոտայքին, եւ զբօսաշրջային լաւ ուղղութիւն է:

«Զբօսաշրջիկները անմիջապէս Գառնիէն կրնան գալ Դուին: Այս տարի կառավարութեան կողմէ 500 քմ․ ճանապարհահատուածի կառուցման 27 քմ․-ը նախատեսուած Արարատի մարզին մէջ»,- նշած է մարզպետը:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Խոր Վիրապի համալիրի կառատան եւ աստիճաններու կառուցման աշխատանքներն ընթացքի մէջ են:

Դուինը հիմնադրուած է 4-րդ դարու առաջին կէսին: Ըստ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի` «Դուին» բառը պարսկերէն ծագում ունի եւ կը նշանակէ բլուր: Իր ծաղկման շրջանին Դուինի բնակչութեան թիւը գերազանցած է 100 հազարը: Արշակունիներու պալատէն (IV դար) պահպանուած են արքայական գահասրահի (272 քառակուսի մեթր մակերեսով) աւերակները: