«Ազատ Օր» Բոլորեց Իր Հրատարակութեան 75-րդ Տարին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յու­նա­հայ գա­ղու­թի օ­րա­թեր­թը՝ «Ա­զատ Օր»ը կը թե­ւա­կո­խէ իր հրա­տա­րա­կու­թեան 76-րդ ­տա­րին։

75-ամեայ աւանդով, եր­կար ճամ­բայ կտրած մեր թեր­թը կը շա­րու­նա­կէ հան­դի­սա­նալ յու­նա­հա­յու­թեան ող­նա­սիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ՝ այն հա­յե­լին է ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի ու ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հի ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, ­Հայ Դա­տի, մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան՝ իր ըն­թեր­ցող­նե­րը ա­մէն օր հա­ղորդ պա­հե­լով հայ կեան­քի բո­լոր ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն։

Այս նշա­նա­կա­լից հանգ­րո­ւա­նին ա­ռի­թով, յար­գան­քի մեր տուր­քը կը մա­տու­ցա­նենք ան­դարձ մեկ­նած թեր­թիս խմբագ­իր­նե­րուն, աշ­խա­տա­կից­նե­րուն եւ պաշ­տօ­նէու­թեան ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք ան­սահ­ման զո­հո­ղու­թեամբ եւ հայ մա­մու­լի դե­րին հա­ւա­տար­մօ­րէն կառ­չած ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թեամբ «Ա­զատ Օր»ը պա­հե­ցին կան­գուն, որ­պէս­զի այն շա­րու­նա­կէ իր եր­թը հայ մա­մու­լի եւ լրագ­րու­թեան ճամ­բուն վրայ։

Ար­դէն, խմբագ­րու­թիւնս ստա­ցաւ բազ­մա­թիւ բա­րե­մաղ­թանք­ներ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի ըն­թեր­ցող­նե­րէն։ Այս առ­իթով, «Ա­զատ Օր» իր մաղ­թանք­նե­րը կը փո­խա­դար­ձէ ըն­թեր­ցող­նե­րուն եւ աշ­խա­տա­կից­նե­րուն, ո­րոնց հա­ւա­տար­մու­թեամբ, քա­ջա­լե­րան­քով եւ բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան ներդ­րու­մով մեր թեր­թը ան­խա­փան կը շա­րու­նա­կէ իր առաքելութիւնը հայ մա­մու­լի ան­դաս­տա­նին մէջ։

«Ա­զատ Օր»