Գառնիի Մէջ Նշուեցաւ Փետրուարեան Ապստամբութեան Տարեդարձը

Հայաստան

«Այսօր այն օրն է, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ազատագրութեան մասնակցած եւ Առաջին Հանրապետութիւնը կերտած անձիք ապստամբեցան եւ կրցան վերահաստատել հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքը. 99 տարի առաջ այս օրը պոլշեւիկեան լուծի տակ գտնուելու պայմաններու մէջ կազմակերպուեցաւ ապստամբութիւն, որ պոլշեւիկները կը բնութագրէին որպէս «աւանտիւրա» (արկածախնդրութիւն-Խմբ.), իսկ իրականութեան մէջ ան ազատագրական ապստամբութիւն էր, որովհետեւ բռնութիւնները եւ դաժան վերաբերմունքը խորհրդային կարգերու հաստատման պահէն տիրած էր ամբողջ Հայաստանի մէջ, որուն զոհ գացին բազմաթիւ հայորդիներ»։ Այս մասին Գառնի գիւղին մէջ Փետրուարեան ապստամբութեան մասնակցած հայ խմբապետներու եւ մարտիկներու շիրիմներուն առջեւ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:

1921-ին Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն Գառնին այն հիմնական վայրերէն էր, ուր սկիզբ առաւ եւ ընթացաւ անկախութեան վերականգման պայքարը: Ամէն տարի Գառնիի մէջ՝ գառնեցի յայտնի գործիչներ Խնկոյի եւ Մակեդոնի, խմբապետներ Վարդանի, Արտուշի, Մարտիրոսի ու Ղազարի գերեզմաններուն մօտ տեղի կ՛ունենայ խնկավառութիւն՝ ի յիշատակ Հայաստանի ազատագրութեան համար մարտնչած հայորդիներուն:

Ձեռնարկին մասնակցողները, որոնց կարգին էին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան, ՀՅԴ Գառնիի  կոմիտէութեան անդամներ եւ շարք մը այլ հասարակական-քաղաքական եւ կուսակցական գործիչներ, այցելեցին Գառնիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած խմբապետներ Խնկոյի եւ Մակեդոնի, այնուհետեւ՝ գիւղական գերեզմանատան մէջ թաղուած խմբապետներ Վարդանի եւ Արտուշի գերեզմանները, ապա ուղղուեցան Գառնի տանող ճամբուն վրայ գտնուող պանթէոն: Հոն կը հանգչին նաեւ Արցախեան հերոսամարտին եւ զինադադարի շրջանին զոհուած մարտիկները:

«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ այս օրը հայկական պետականութեան, ինքնութեան համար պայքարի եւ անոր ամրապնդման օր է՝ աւելցնելով, որ Փետրուարեան ապստամբութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայ ժողովուրդը իր վճռականութեամբ պատրաստ է նոյնիսկ պոլշեւիկներու դէմ կռուելու, եթէ անոնց նպատակը հայու տեսակը վերացնելն է:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի՝ Փետրուար 18-ը շատ կարեւոր խորհուրդ ունի, որն է՝ երբեք չդադրիլ ազգային արժեհամակարգին մաս կազմելէ, երբեք չդադրիլ մտածելէ, որ դուն հայ ես:

«Երբ սկսար մտածելու, որ դուն կրնաս ըլլալ աշխարհաքաղաքացի, քեզի դնել ամերիկացիի, գերմանացիի, ֆրանսացիի տեղ՝ դատապարտուած ես կործանման: Արդիւնքով՝ կը մնայ անձ, որ կ՛ապրի ընդամէնը ստամոքսով»,- նշեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամը:

Արծուիկ Մինասեան նկատել տուաւ, որ բազմաթիւ ընդհանրութիւններ կան այսօրուան եւ այն ժամանակուան ամբոխավարական մօտեցումներուն մէջ. «Աստուած չտայ, որ նորէն պահանջք յառաջանայ՝ հիմա ալ արդէն այլ անձերէ փրկել հայ ժողովուրդը: Աստուած իմաստութիւն թող տայ մեր իշխանութիւններուն, տայ գիտակցումը այն բանի, որ իր ազգային ինքնութեան նուիրուած ըլլալու եւ ազգային ինքնութեամբ ապրելու մէջ է հայ ժողովուրդի ապրելու բանաձեւը: Թող երբեք որեւէ իշխանութեան չթուայ, որ եթէ իշխանութեան կու գաս ամբոխավարութեամբ, ուրեմն կնաս հայ ժողովուրդին դէմ ամէն բան գործարկել: Պատժուած են այդպիսի իշխանութիւնները եւ պիտի շարունակեն պատժուիլ բոլոր անոնք, որոնք կը մտածեն այդպէս: Մեզ բոլորիս կամք եւ վճռականութիւն, որ կերտենք իսկապէս ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»,- եզրափակեց Մինասեան: