Աւարայրը Հեքիաթ Չէ (Վարդանանց, 451թ.)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Քանի ճերմակ ջարդը դեռ կայ`
ես իմ Աւարայրն եմ պաշտում:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

Եթէ երբեք «Հայոց Տանթէական»-ը անկրկնելի բանաստեղծ Շիրազի փոթորկայոյզ ներաշխարհին արտայայտութիւնն է, անոր սգաւոր հոգիին բալասանը, ապա վերոյիշեալ տողը, շիրազեան տաղերուն մէջ բաբախող սիրտն է, խորհուրդն ու պատգամը:

Ամէնամեայ տօներու շարքին, Վարդանանցը կրկին կը լուսաւորէ մեր առօրեան, կը ջրդեղէ մեր հաւաքական յիշողութեան շտեմարանը, կը փորձէ լոյսին բերել ազգային վսեմ գաղափարներու եւ արժէքներու առանձնայատկութիւնը, զգաստութեան կը հրաւիրէ մեզ, երբ ազգովին թուլացման եւ ընդարմացման պահեր կ՛ապրինք, այլապէս ալ կը մտրակէ մեր միտքերը, երբ մոռացութեան կու տանք ազգակերտ ապրումներու խայտանքը:

Իրօք, Աւարայրը հեքիաթ չէ, երազի մը պատումը չէ, այլ ազգային իրական, խտացած արժէքներու եւ խոր ապրումներու բացարձակ զգացողութիւն է:

Ճիշդ է, որ 1569 տարիներու ծանրութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ հոգեմտաւոր մեր հաւաքական կառուցուածքին վրայ` իբրեւ դարերու խորերէն ժառանգուած յուշ մը, յիշատակ կամ պատում, որով կը սնուցենք իրերայաջորդ սերունդներ, քաջ Վարդանի թոռը ըլլալու,  այդուամենայնիւ, այս տօնը կը շարունակէ իր հնչեղութիւնը առկայծ պահել եւ ներշնչել ազգ մը ամբողջ, իբրեւ դաւանանք եւ գոյութենական պայքարի յենասիւն:

Աւելի՛ն. երբ կը շեշտադրենք, որ Աւարայրի ճակատամարտը հեքիաթ չէ, որով պիտի խանդավառենք նորահաս սերունդներ, պարզապէս կ՛ուզենք ընդգծել հերոսական արարքին այլ կողմերը, բարացուցական բաժինները, որոնցմով կարելի կ՛ըլլայ կամրջել անցեալն ու ներկան, ու տեսնել ապագան:

Փաստօրէն, անզուգական պատմիչներ` Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, Փաւստոս Բիւզանդ եւ այլք, երբ կ՛անդրադառնան այս սխրանքի մեծութեան` իբրեւ քրիստոնէական հաւատքի եւ ինքնութեան պահպանման փայլուն դիպաշար, խորքին մէջ, անոնք հայոց մարտունակ բազուկին փառքը կը հիւսեն, հայաշունչ հրամանատարին կամքն ու տոկունութիւնը վեր կը հանեն, ազգային մեր տեսակին կառչած մնալու պատգամ կը յղեն, հայրենիքին եւ ազգային արժանապատուութեան տիրութիւն ընելու գիտակցութիւն կը փոխանցեն:

Բաւարար է յիշել Հողոցմեցի կաթողիկոսին, Ղեւոնդ երէց Վանանդեցիին ու Վարդան զօրավարի ճառերը, որոնք կ՛արտասանուին ճակատամարտի նախօրէին, աղօթքէն եւ եկեղեցական արարողակարգէն ետք, եւ արդէն մեր երեւակայութեան մէջ կը պայծառանայ այն երկիւղած մթնոլորտը, որ տիրած է հերոսական աքթէն առաջ, ուր քրիստոնէական ու ջերմեռանդ պաշտամունքի ազդեցութեան տակ մեր տղաները նետուած են պատերազմի դաշտ` նահատակութեան փառապսակին արժանանալու հաւատամքով:

Մեր պատմագիրները, առհասարակ, մեզի փոխանցած են Աւարայրի կրօնական ու բարոյագիտական ուսմունքին կարեւորութիւնը, անշուշտ, մտահան չընելով ռազմական ու բարոյահոգեբանական յաղթանակի գեղեցկութիւնը:

Միւս կողմէ, ճակատամարտին պատմաաշխարհագրական կարեւորութեան վրայ երբ լոյս կը սփռենք, ըստ էութեան, հայոց Վասպուրական աշխարհի պատկանելիութիւնը կը շեշտադրենք, որովհետեւ Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներու հանդիպակաց, Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ ցոյց տրուած հայավայել կեցուածքը, իր մէջ հայրենապաշտութեան դասեր կ՛ընդգրկէ, որուն արձագանգները մենք կը տեսնենք ազատագրուած Արցախի երկնակամարին վրայ:

Փաստօրէն, հայկական այրուձին ու քաջարի հետեւակ փաղանգներ հրաշքի համազօր գործողութիւններ կատարեցին Աւարայրի դաշտին վրայ պատերազմի առաջին փուլին եւ ծանր հարուածներ հասցուցին թշնամի բանակին:

Փաստօրէն, Յազկերտ Բ. շշմեցուցիչ հարուած կը ստանար հայոց բանակի ռազմական գործողութենէն, եւ իր կարգին կը լծուէր հզօրացնելու իր բանակին ուժը, որպէսզի ատով կարենար յաղթել հայութեան: Եւ ճակատագրի բերումով` գերակայ ուժը ինքզինք կը պարտադրէ` վերջ տալով պատերազմին:

Ճիշդ է, հայոց հրամանատարը իր արծուասիրտ տղոց հետ կ՛արժանանար նահատակութեան փառապսակին, այդուհանդերձ, նոր էջ կը բացուէր Սասանեան Պարսկաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութեան մէջ:

Հայոց արքունի ներկայացուցիչներու Տիզպոն այցելութեան տխուր երեւոյթը կը վերանար, զրադաշտական կրօնի պարտադրանքը կը շրջանցուէր, աւելի ուշ, Վահանեան ռազմական յաղթերգը իր պտուղը կու տար Նուարսակի դաշնագիրով, եւ հայութեան մէջ կ՛ամրապնդուէր ինքնութեան, նկարագրի, տեսակի ու տոկունութեան գիտակցութիւնը:

Հայոց պատմագրութիւնը իր էջերուն արձանագրած է նաեւ Վասակ Սիւնիի անունը, որ օրուան ամէնէն հզօր նախարարներէն մէկն էր, որուն վերագրուած դաւաճանական կամ պարտուողական կեցուածքի մասին գոյութիւն ունին այլ կարծիքներ եւ համոզումներ: Հոս մտահան պէտք չէ ընել Վասակի դիւանագիտական աշխատանքին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` Վարդանի թիկունք կանգնելու տրամադրութիւնը:

Փաստօրէն, ան աջակից եղաւ Վարդանին, որ ստանձնէ հայոց բանակի գերագոյն հրամանատարութիւնը եւ դէմ դնէ Յազկերտ Բ.-ի նկրտումներուն: Ան ամէն ճիգ թափեց հայութեան միակամութիւնը ապահովելու եւ ժամանակ շահելու` առ ի պատրաստութիւն աւարայրեան ճակատամարտին:

Վասակ Սիւնի չյաջողեցաւ, այսպէս ըսած, դիւանագիտական աշխատանքով եւ իր  քաղաքական մօտեցումներով համոզել հայկական շրջանակներ (քաղաքական ու կրօնական դաս), որպէսզի նպաստաւոր ելք մը գտնուէր` կանխարգիլելու հետագայ պատերազմը: Մէկ կողմէ, Անգղ գաւառի մէջ եօթ հարիւր պարսիկ մոգերու սպանդը, որոնք հասած էին Հայաստան, զրադաշտական կրօնքը տարածելու, եւ միւս կողմէ` Վասակի հրամանը` ձերբակալելու զանոնք սպաննող քահանաները, արդէն բաւարար պատճառներ էին, որոնք ճեղք յառաջացուցին ներհայկական կեանքին մէջ:

Այսօր, երբ հայրենիքը անկախացած է եւ արծուեբոյն Արցախը ազատագրուած, երբ հայոց պետականութիւնը իր ամրապնդման ու կայունացման յաւակնոտ փուլերը կ՛ապրի, երբ ամբողջ հայութիւնը կը  դիմագրաւէ ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներ, հրէշային ծրագիրներ, աշխարհաքաղաքական նկրտումներ, տնտեսական, ընկերային եւ ազգագրական դժուարութիւններ, երբ երբեմնի Տիզպոնը փոխարինուած է հզօր պետութիւններու որոշումի կեդրոններով, եւ անոնց միջեւ ստեղծուած խօլ մրցակցութիւններու արհաւիրքով, երբ հայ սփիւռք(ներ) կը տուայտի սպիտակ ջարդի օրհասին տակ, երբ մայրենի լեզուն կ՛աղճատուի, սեփական մշակոյթը կը պղծուի, հայու տեսակը այլասերել կը փորձուի, ահա, մեր դիմաց կը կանգնին Վարդանանք, սրբազան տղաներ, որոնք իրենց «ո՛չ»-ը ըսին, հաւաքական կամքը պարտադրեցին եւ ծնրադրեցին Արարատին դիմաց` իբրեւ խորհրդանիշ յաւիտենականութեան:

Արդ, այսօր իսկ ուսանելի կը մնայ վասակեան դիւանագիտական պահուածքը, առանց մոռացութեան տալու անոր որոշակի ընկրկումները, իսկ Վարդանանց պատերազմի հզօր խորհուրդը պարտաւոր ենք փոխանցելու հետագայ սերունդներու:

Որովհետեւ Աւարայրը պաշտելի ըլլալու բոլոր արժանիքները ունի: