Սահմանադրական Հանրաքուէի «Այո»ի Եւ «Ոչ»ի Քարոզչութեան Կողմերը Ճշդուեցան

Հայաստան

Փետրուար 17-ին ընթացք առաւ Սահմանադրական դատարանի հանրաքուէին քարոզարշաւը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 3։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակեց սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի «Այո» քարոզչութեան կողմ պատգամաւորներուն ցանկը, որուն մէջ ներառուած են 44 պատգամաւորներ, իսկ քարոզչութեան լիազօր ներկայացուցիչն է Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեան:

Յանձնաժողովը սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին համար «Ոչ» քարոզչական կողմ արձանագրուելու դիմում ալ ստացաւ «Իրաւական ուղի» հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիր Ռուբէն Մելիքեանի կողմէ, որ պիտի ըլլայ այս կողմի լիազօր ներկայացուցիչը։ Ցարդ այդ դիմումին տակ ստորագրած են 61 քաղաքացիներ։