Միքայէլ Մելքումեան ՄԱԿ-ի Մէջ Խօսած է Արցախի Մէջ Կրթական Իրաւունքի Իրացման Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Փետրուար 17-18 Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած են Միջխորհրդարանական միութեան եւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան «Կրթութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման խթանիչ, դէպի կայուն զարգացման նպատակ 4-ի իրականացում» խորագիրով լսումներ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է Միջխորհրդարանական միութեան հայկական պատուիրակութեան անդամ, Միջխորհրդարանական միութեան ՄԱԿ-ի հարցերով յանձնաժողովի անդամ Միքայէլ Մելքումեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Ելոյթի ընթացքին Մելքումեանի արտասանած խօսքը.

«Յարգելի’ գործընկերներ,

Անշուշտ, քննարկուող հարցը չափազանց կարեւոր է, եւ մենք պէտք է գտնենք արդիւնաւէտ լուծումներ։ Այսօր կան երկիրներ, ուր կան աշխատատեղեր, սակայն չկան աշխատողներ՝ որակի եւ աշխատավարձի չափի պատրուակով: Մարդիկ նաեւ համեմատաբար աղքատ երկիրներու մէջ համաձայն չեն ստանալու միայն գոյատեւման աշխատավարձ եւ համարուելու աշխատող աղքատներ: Ասիկա լուրջ հարց է:

Կրթական իրաւունքի ապահովման խնդիրը, ինչպէս եւ մարդոց ապրելու, աշխատելու, առողջութեան պահպանման իրաւունքները, համամարդկային չափանիշներ են, որոնք արձանագրուած են նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան փաստաթուղթերու մէջ: Եւ այս առումով շատ կարեւոր է, որ ատիկա չմնայ թուղթի վրայ, այլ իսկապէս բոլորի համար իրականութիւն դառնայ: Իսկ կրնա՞ք ըսել՝ ինչպէս այդ իրաւունքէն օգտուին, օրինակ, չճանչցուած պետութիւններու մէջ ապրող երեխաները, ուսանողները, մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի, Արցախի Հանրապետութեան մէջ ապրող եւ ուսանող դպրոցականներն ու ուսանողները: Պետութիւն, որ արդէն 30 տարի է տէ ֆաքթօ անկախ է եւ ձեւաւորած է պետականութեան բոլոր հիմնարկները, արդարացիօրէն կ՝ապրի իր ապուպապերու հայրենիքին մէջ, ուր իրենց նախնիներուն գերեզմաններն են, եկեղեցիները: Եւ այս ժողովուրդին մօտ յարգի եղած է կրթութիւնը, գիտութիւնը, մշակոյթը:

Հիմա կը խնդրեմ պատասխանել՝ արդեօ՞ք անկախ, չճանչցուած պետութեան կարգավիճակի մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան մէջ պէտք չէ յստակ լուծել կրթական եւ միւս իրաւունքներու իրացման հարցը: Ինչպէ՞ս: Ըստ էութեան՝ ատոր մասին յստակ իրաւական փաստաթուղթեր ընդունելով: Չճանչցուած պետութիւններու կարգավիճակը պէտք չէ խոչընդոտ հանդիսանայ կրթութեան ոլորտին: ՄԱԿ-ի Կրթութեան ոլորտէն ներս խտրականութեան դէմ պայքարի համաձայնագրի դրոյթներու կիրառումը պէտք է նպաստէ այդ պետութիւններու բնակչութեան կրթական իրաւունքի իրացման»: