Հանդիպում-Զրոյց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Հետ. Հաղորդագրութիւն

Սփիւռք

Ուրբաթ, 7 Փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, «Պըլըքտանեան» հանդիսասրահին մէջ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց` Արաբական Ծոցի Երկիրներու «Աստուածաշունչի Ընկերութեան» քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին հետ:

Հանդիպմանը ներկայ էին Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան, Կաթողիկէ թեմի Առաջնորդ Գերապայծառ Տ․ Գրիգոր Օգոստինոս Եպս․ Գուսան, Գահիրէի Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներու ատենապետները եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր համայնքայիններ:

Բացման խօսքով նախ հանդէս եկաւ Դոքթ. Սուրէն Պայրամեան` ներկայացնելով Դոկտ. Ճէպէճեանի համառօտ կենսագրականը, որմէ ետք յարգոյ բանախօսը անմիջական եւ անկեղծ մթնոլորտին մէջ ներկայացուց օրուան նիւթը։

Իր խօսքին մէջ Դոկտ. Ճէպէճեան մասնաւորաբար անդրադարձաւ մշակոյթ եզրոյթին, յատկապէս հայկական հարուստ բազմադարեան մշակոյթին, որ անդառնալի կորուստ կրած է Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով։ Սակայն ուրախութեամբ արձանագրեց նաեւ, որ այս տարիներու ընթացքին հայը ամէն ջանք թափած  է յատկապէս Սփիւռքին մէջ պահելու եւ զօրացնելու իր ազգային-մշակութային ժառանգութիւնը: Այս ոգիի դրսեւորումի եւ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը պահելու եւ ըստ այդմ մշակոյթի կրողը ըլլալու մասին կը վկայէ անոր հեղինակած «Սփիւռքահայ կեանքեր, ինչպէս որ տեսայ» գիրքը, որ բազմաթիւ ճամբորդութիւններու ընթացքին գրուած յօդուածներու հաւաքածոյ մըն է: Ինչպէս եւ հեղինակը կ’ըսէր` ամէն տեղ փնտռած է հայկական հետքեր եւ հանդիպած տեղի հայութեանը, որմէ ստացած իր տպաւորութիւնները, մտորումները եւ մտահոգութիւնները յանձնած է թուղթին:

Հետաքրքրական է հեղինակի մօտեցումը առ այն, որ սփիւռքեան տարբեր հատուածներ իւրովի կը կրեն եւ կը պահպանեն իրենց ինքնութիւնն ու մշակոյթը, կը կրեն տուեալ միջավայրի եւ մշակոյթի ազդեցութիւնը, սակայն տակաւին կը փորձեն կառչած մնալ հայկականութեանը` երբեմն առանց լեզուի պահպանումի։ Ուր որ գացած է, որու որ հանդիպած է, անոնց մէջ տեսած է հայութիւնը եւ իր պատկանելութիւնը փնտռող հայուն:

Բանախօսը յատկապէս մատնանշեց, որ օտարացումի ճամբան բռնած հայու այցելութիւնը դէպի հայրենիք, անոր մէջ կ’արթնցնէ ազգային պատկանելութեան գիտակցութիւնը եւ  վերադարձ իր ակունքներուն։

Յիրաւի օտարութեան մէջ ապրող հայուն համար կաեւոր պարգեւ մըն է անկախ հայրենիքի գոյութիւնը։

Դոկտ. Ճէպէճեան ելոյթի վերջւորութեան իր մակագրութեամբ գիրքերը նուիրեց փափաքողներուն:

 

ԴԻՒԱՆ

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

ԳԱՀԻՐԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ