Գրական Երեկոյ՝ Նուիրուած Գէորգ Էմինի Ծննդեան 100-ամեակին

Սփիւռք

Պ. Յ.

2019-ը բաւական յագեցած էր գրական-գեղարուեստական երեկոներով, գլխաւորաբար նուիրուած՝ Կոմիտասի, Թումանեանի եւ Լ. Շանթի ծննդեան 150-ամեակներուն: Մեր բոլոր մշակութային եւ միութենական կեդրոնները, ամէն մէկը իր կարողութեան սահմանին մէջ, այս հանդիսութիւնները պատշաճօրէն կատարեցին եւ մեր մամուլը իր ժամանակին գրեթէ բոլոր տեսակի ձեռնարկներուն հանգամանօրէն անդրադարձաւ: Սակայն դժբախտաբար մոռացութեան տրուեցաւ տարուան յաջողագոյն ձեռնարկներէն մէկը…

27 Նոյեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին, Գէորգ Էմինի ծննդեան 100-ամեակին առիթով ներկայացուեցաւ անոր «Յաւերժի Ճամբորդը» պոէմը: Դժբախտաբար, յաջորդող շաբաթներուն մամուլով ոչ մէկ տեղ այդ շատ յաջող եւ իւրայատուկ ձեւով ներկայացուած երեկոյին մասին արտայայտութիւն եղաւ:

Ուստի, թէեւ ուշացած՝ կը պարտաւորուիմ այդ երեկոյին մասին քանի մը տողով անդրադառնալու, որպէսզի մոռացութեան չտրուի նման յաջողած երեկոներու եւ ներկայացման աշխատանքներուն գնահատումը:

Նախ գնահատելի էր նիւթը ներկայացնելու ձեւը: Պոէմը մէկ անձի կողմէ չներկայացուեցաւ, այլ անոր անձնաւորութիւնները մարմնաւորեցին տարբեր անձեր։ Նոյն ժամանակ, պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր ասմունքուող նիւթին վերաբերեալ պատկեր կամ տեղեկութիւն, ինչպէս նաեւ մէջընդմէջ նիւթին վերաբերող երաժշտութիւն, մեներգ եւ ասմունք: Այս ձեւով, միօրինակութենէ դուրս՝ շատ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ:

Երեկոյի բացումը եւ Գէորգ Էմինի կենսագրութիւնը ու գրական վաստակը ներկայացուց Րաֆֆի Մելքոնեան, որուն նոյնպէս կ՛ընկերանար սահիկներու ցուցադրութիւն: Մելքոնեան մասնագէտի կարողութեամբ հակիրճ սակայն համապարփակ ձեւով ներկայացուց Գէորգ Էմինը, իր բոլոր գրական ծանրութեամբ:

«Յաւերժի Ճամբորդը»էն ասմունքողները եղան Գրական միաւորի բոլոր անդամները, ինչ որ օրինակելի երեւոյթ մըն է: Երգեցողութիւնը կատարեցին Մասիս Մեսրոպեան («Ատանայի Ողբը» եւ «Անդրանիկ»), Յասմիկ Գարայեան («Պինկէօլ» եւ «Մէ Խօսք Ունիմ») Սիլվա Թորոսեան («Կիլիկիա»), Գագիկ Բաբախանեան («Ազգ Իմ Փառապանծ»), իսկ դաշնամուրի վրայ երգերուն կ՛ընկերակցէր Լիա Մելեքեան: Սուրիկ Մինասեան ասմունքեց «Մենք» եւ «Վարդան Զօրավար» բանաստեղծութիւնները:

Հանդէսի վերջաւորութեան, Թինա Դամլաքեան ասմունքեց Գ. Էմինի «Սասունցիների Պարը», որուն անմիջապէս յաջորդեց Ալբերթ Վարդանեանի ղեկավարած «Արարատ» պարախումբը՝ սասունցիներու պարով եւ վառ տրամադրութեամբ եւ գոհունակութեամբ հանդէսը վերջ գտաւ:

Պէտք է ընդգծել, որ հանդէսի բացման խօսքէն սկսեալ մինչեւ վերջին խմբային պարը մէկ շղթայով, մէկը միւսին լրացնելով, իրար զուգորդուած, առանց դադարի ներկայացում մըն էր, որուն տեսակին չենք հանդիպած:

Թէեւ երեկոն սկսաւ տասը վայրկեան ուշացումով, բայց տեւողութիւնը՝ 90 վայրկեան, շատ պատշաճ էր գրական գեղարուեստական երեկոյի մը համար, ուստի ներկաները մեծ հաճոյքով եւ հանգիստ տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն: