Չինաստանի Մէջ Քորոնա Ժահրի Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է 1016-ի, Իսկ Բուժուածներու Թիւը` 3996-ի

Աշխարհ

Չինաստանի մէջ Քորոնա ժահրէն բուժուածներուն թիւը հասած է 3996-ի, վարակուածներու արձանագրուած թիւը 42.638 է, իսկ զոհերուն թիւը հասած է 1016-ի: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Չինաստանի առողջապահութեան հարցերու պետական յանձնախումբին:

Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր 40.100 հիւանդի եւ 908 զոհերու մասին:

Հոնկ Քոնկի մէջ արձանագրուած է վարակի 42 պարագայ, եւ արձանագրուած է զոհ մը, Մաքաուի մէջ հիւանդներուն թիւը 10 է, որոնցմէ մէկը  հիւանդանոցէն տուն վերադարձած է, Թայուանի մէջ վարակուածներուն թիւը 18 է, որոնցմէ մէկը եւս արդէն հիւանդանոցէն ելած է:

Ներկայ դրութեամբ, վարակուածներու հետ հաղորդակցութեան մէջ գտնուած 187,7 հազար հոգի կը գտնուի հսկողութեան տակ: