«Դրօշակ» Պաշտօնաթերթը Վերստին Հրապարակի Վրայ է

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Որոշ դադարէ ետք՝ կրկին հրապարակի վրայ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը: 2020 Յունուարին առաջին (1635-րդ) թիւը արդէն հասանելի է ընթերցողներուն: Կեանքի 74-րդ տարին բոլորող պաշտօնաթերթը պիտի հրատարակուի ելեկտրոնային եղանակով, ամսաթերթի պարբերականութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Իբրեւ պաշտօնաթերթի հիմնադիր, զուտ իրաւաբանական տեսանկիւնէ եւ ՀՀ օրէնքներուն համեմատ, նշուած է «ՀՅԴ պատմութէան թանգարան հիմնադրամ»-ի անունը: Ելեկտրոնային ամսաթերթի խմբագիրը նորանկախ Հայաստանի գաղափարական ուղղուածութեան մամուլի երախտաւորներէն, ՀՅԴ Բիւրոյի մամուլի դիւանի ներկայացուցիչ Արտաշէս Շահբազեանն է:

Ելեկտրոնային անդրանիկ թիւին մէջ առանձնացուած են շարք մը բաժիններ՝ «Հարցազրոյց», «Սոցիալական», «Դաշնակցական բեմ», «Հայրենի եզերք», «Տարածաշրջանային», «Սփիւռք», «Երիտասարդական», «Պատմութեան լուսարձակ», «Դէմքեր եւ դէպքեր», ուր զետեղուած են ՀՅԴ դերակատարութեան ու ընելիքներուն, գաղափարախօսական, ՀՀ ընկերային-տնտեսական հարցերուն, Արցախին, Ջաւախքին, Այսրկովկասեան, Մերձաւոր եւ Միջին արեւելեան եռացող հիմնահարցերուն, Սփիւռքին, Արեւմտահայաստանին եւ համազգային նշանակութեան այլեւայլ խնդիրներուն առնչուող շարք մը ծանրակշիռ եւ գիտահանրամատչելի աշխատանքներ:

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը, իր հերթին, կը շնորհաւորէ եւ յաջողութիւն կը մաղթէ «Դրօշակ»-ին։