«Ալիք» եւ «Զարթօնք» Պարախումբերու Տարեկան Ելոյթը Շուէտի Մէջ

Սփիւռք

25 Յունուար 2020-ին, Սթոքհոլմի Tumbascenen-ին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Շուէտի «Ալիք» եւ «Զարթօնք» պարախումբերու տարեկան ելոյթը՝ ներկայութեամբ հայ եւ օտար աւելի քան 320 հիւրերու: Ծրագիրը նուիրուած էր Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին:

Բացումը կատարուեցաւ վարչութեան խօսքով, որ ընթերցուեցաւ հայերէնով եւ շուէտերէնով: Այնուհետեւ կենդանի պատկերով մը ներկայացուեցաւ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ապա սկսաւ երկու բաժինէ բաղկացած պարերու շարանը․ առաջին բաժինին մէջ ներկայացուեցան հայկական եւ եւրոպական պարեր, իսկ երկրորդ բաժինին մէջ պարի ձեւով ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի «Քաջ Նազար» հեքիաթը: Պարախումբերու անդամները արտասանեցին նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւններէն:

Ելոյթի աւարտին բեմ բարձրացաւ Համազգային Շուէտի ատենապետ Համօ Երիցեանը․ ան շնորհաւորեց պարուսոյցները եւ պարախումբի անդամները ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, ապա բեմ հրաւիրեց Վարչութեան ու պարի յանձնախումբի անդամները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տարած աշխատանքին համար:

Համազգային Շուէտ իր գործունէութեան սկսաւ վեց տարի առաջ՝ 13 անդամներով: Նոյն տարին կեանքի կոչուեցաւ նաեւ միութեան «Ալիք» պարախումբը՝ 13 անդամներով, պարուսոյց ունենալով Սեւակ Եմէնճեանը:

2019-ի ընթացքին Միութիւնս յաջողեցաւ իր գործունէութիւնը տարածել նաեւ Ստոքհոլմի մէջ: Օգոստոս 2019-ին կեանքի կոչուեցաւ միութեան «Զարթօնք» փոքրերու պարախումբը, պարուսոյց ունենալով Մառիէթ Մասիհին:

Համազգային Շուէտի «Ալիք»  եւ «Զարթօնք» պարախումբերը իրենց մէջ ներառած են 53 պատանի ու երիտասարդ պարողներ: Այս յաջողութիւնը մեր շրջանի միասնական աշխատանքի արդիւնքն է, որուն համար հպարտ ենք:

Համազգային Շուէտ երջանիկ է այսօր, որ մաս կը կազմէ Համազգայինի մեծ ընտանիքին ու իր վեցամեայ գործունէութեամբ իր բաժինը կը բերէ Համազգայինի պատմութեան էջերուն մէջ: