Փալոն Կը Դատապարտէ Պաքուի Շարունակուող Հակահայ Քաղաքականութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ հայերու ջարդերուն 30-ամեակին առիթով իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն յիշեցուց, որ ջարդերուն ընթացքին սպաննուած առաւել քան 90 հայերուն կողքին, մօտաւորապէս 200,000 հայեր իրենց տուներէն տեղահանուեցան։

Փալոն նաեւ ցաւալի կը համարէ այն իրողութիւնը, որ Պաքուի սպանդէն երեք տասնամեակներ ետք եւս, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հաստատ մնալ իրենց ազգայնամոլ եւ հակահայ քաղաքականութեան վրայ, փորձելով ծածկել մարդկութեան դէմ գործուած իրենց անցեալի ոճիրները։ «Կը շարունակենք լսել նոյն ատելավառ յայտարարութիւնները եւ ականտես կը դառնանք Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին հասցէագրուած սպառնալիքներուն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Փալոնի այս յայտարարութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Փալոն նաեւ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած է թիւ 190 բանաձեւը, որուն նպատակն է վերցնել Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ կամայականօրէն հաստատուած եւ արդէն իսկ ժամանակավրէպ դարձած ճամբորդութեան եւ հաղորդակցութեան արգելքները, որոնք վնաս կը հասցնեն Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն: