Բանակի Օրուան Առիթով Հայաստանի Նախագահին Ձեռամբ Մետալներու Եւ Շքանշաններու Յանձնում

Հայաստան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան բանակի օրուան առիթով 27 յունուարին նախագահական նստավայրին մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին մետալներ եւ շքանշաններ յանձնեց հայրենիքի պաշտպանութեան գործին նուիրուած զինուորներուն` զանոնք շնորհաւորելով Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման 28-րդ տարեդարձին առիթով:

«Բանակի օրը առանձնայատուկ է բոլորիս համար: Այդ առիթով կ՛ուզեմ շնորհաւորել բոլոր պարգեւատրուած ազատամարտիկները, զինուորները, սպաները, բժիշկները: Բանակի օրուան ընթացքին չենք կրնար անգամ մը եւս չյիշել հազարաւոր հայորդիները, որոնք իրենց կեանքը տուին այսօր հզօր ազգային բանակ ունենալու երազանքին, իրենց կեանքը տուին Համաշխարհային Բ. պատերազմին, Արցախեան ազատամարտին ընթացքին», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել իրենց կեանքը յանուն հայրենիքին զոհած անձերուն յիշատակը:

«Ընդամէնը 28 տարի առաջ Հայաստանի նախագահի հրամանագիրով ստեղծուեցաւ օրէնք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մասին: Այսօր ունինք հզօր բանակ, եւ այդ պատմական շրջադարձային իրադարձութեան փայլուն վկայութիւններն են Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի փայլուն յաղթանակները, 75 տարի անցած է, եւ չենք կրնար չյիշել Համաշխարհային Բ. պատերազմին հայ ժողովուրդի հսկայ ներդրումը, հայերը պայքարած են ֆաշականութենէ ազատելու, Ֆրանսան, Եւրոպան ազատագրելու համար: Հայ ազգը տուած է Խորհրդային Միութեան հերոսներ, 60-է աւելի զօրավար, հինգ մարաջախտ: Մեզմէ  իւրաքանչիւրը պէտք է հպարտ ըլլայ այս առնչութեամբ», նշեց նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը շեշտեց նաեւ արցախեան ազատամարտին հայ ժողովուրդին տարած յաղթանակն ու պայքարը, որ հիմք դրաւ հայոց բանակի ստեղծման: