Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը Կը Կազմակերպէ Կիլիկեան Հերոսամարտերուն Նուիրուած Գիտաժողով

Uncategorized

Յունուար 23-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան եւ գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեան տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձան թանգարանի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն, կը հաղորդէ “Արմենփրես”։

Գոհար Խանումեան ըսաւ, որ հիմնարկը 16-17 Ապրիլ 2020-ին պիտի կազմակերպէ «Պայքար հայկական Կիլիկիոյ համար. Կիլիկիան եւ կիլիկիահայութիւնը Առաջին աշխարհամարտի աւարտից յետոյ (1918-1921)» խորագիրով գիտաժողովը, որ նուիրուած է Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանական մարտերու հարիւրամեակին: Այս առիթով պիտի իրականցուի նաեւ համապատասխան ցուցահանդէս մը:

«Հերոսամարտերի պատմութեանը նուիրուած ցուցահանդէսներ նախապէս իրականացուցած ենք, իսկ այս ցուցադրութեան նպատակն է ներկայացնել Կիլիկիոյ պատումը եւ հերոսամարտերը, թէ ինչպէս մարդիկ կենաց-մահու կռիւ մղելով պայքարած յանուն Կիլիկիոյ»,- յայտնեց ան:

Ըստ Խանումեանի՝ թանգարանային ցուցադրութեան ծիրին մէջ պիտի ներկայացուին բացառիկ ցուցանմոյշներ, որոնք կը պատմեն մարդկային ճակատագիրներու մասին: «Ցուցադրութեան մէջ պիտի օգտագործենք նաեւ վերջին տարիներու հաւաքական աշխատանքի արդիւնքով ձեռք բերուած նմոյշներ՝ բացիկներ եւ իրեր»,- ընդգծեց գլխաւոր ֆոնտապահը:

Յարութիւն Մարութեան անդրադարձաւ հիմնարկի գիտաշխատողներուն թիւը աւելցնելու անհրաժեշտութեան՝ նշելով, որ միայն 10 գիտաշխատողներ լծուած են գիտահետազօտական աշխատանքներու, սակայն թանգարանը կարիքը ունի առնուազն 15 գիտաշխատողներու:

Խօսելով թանգարան-հիմնարկի ֆինանսաւորման մասին՝ Մարութեան ըսաւ, որ շուրջ տասը տարի հաստատութեան ֆինանսաւորման 40 տոկոսը կը տրամադրէ «Լոյս» հիմնադրամը, մնացածը՝ պետութիւնը, սակայն վերջին տարիներուն պետութիւնը այդ 40 տոկոսը ներառեց պիւտճէին մէջ՝ շուրջ 65 միլիոն դրամ գումար: Ըստ անոր՝ թանգարանը եկամուտներ չունի, որովհետեւ մուտքը անվճար է եւ անվճար պիտի մնայ, սակայն 1 Օգոստոս 2019-էն սկսեալ, այցելուներուն ընկերակցիլը եւ բացատրութիւններ տալը դարձաւ վճարովի: «Ատկէ բնաւ չտուժեց այցելուներու քանակը, բայց մեզի համար շօշափելի գումար ստացանք»,- եզրափակեց Մարութեան: