Արքայազն Չարլզ Այցելեց Բեթղէհէմի Սուրբ Ծննդեան Տաճարի Հայկական Եկեղեցի

Սփիւռք

Յունուար 24-ին Մեծ Բրիտանիոյ Արքայազն Չարլզ այցելած է Բեթղէհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցի։ Զայն դիմաւորած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան արք. Ղարիպեան: Այս մասին ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը յայտնէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան:

Այցին առթիւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան անունէն Արքայազն Չարլզին լուսարարապետ սրբազանը նուիրած է հայկական հախճապակեայ ափսէ: Սրբազան Հայրը նաեւ խօսած է Սուրբ Երկրին մէջ հայկական ներկայութեան եւ իրականացուող առաքելութեան մասին:

խօսքի աւարտին Սրբազանը Հայրը յիշած է  նաեւ Հիթլերի յայտնի խօսքը. «Ո՞վ կը յիշէ հայերու ցեղասպանութիւնը» եւ յոյս յայտնած, որ արդարութիւնը կը յարգուի: