Արցախի Մէջ 2 Զինծառայող Վիրաւորուած է

Հայաստան

Յունուար 24-ին` մօտ ժամը 06:55-ին, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ միջադէպի հետեւանքով հրազէնի գնդակէ վիրաւորուած են ՊԲ զինծառայողներ Հենրի-Հայկ Սիմոնի Զաքարեանը (ծնած 2001-ին) եւ Արմէն Ջոնիկի Մեսրոպեանը (ծնած 2000-ին):

Վիրաւորուած զինծառայող Հենրի-Հայկ Սիմոնի Զաքարեանը վիրահատուած է, անոր վիճակը ծանր է, բայց կայուն, կը հաղորդէ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:

 «Շարքային Հենրի-Հայկ Սիմոնի Զաքարեանի վիրահատութիւնը աւարտեցաւ: Անոր վիճակը ծանր է, բայց կայուն: Մեր բժիշկները հրաշագործ են ուղղակի: Եթէ վիրաւորը կը հասնի մինչեւ գործողութիւն, ապա գրեթէ միշտ կը փրկեն մեր հրաշագործները»,-  գրած է Յովհաննիսեան:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: