Պարտադրուած(ինքնա) Թափառումներուն Վերջ Կը Տրուի՞

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Անանցեալ մարդ մը նոյնքան աւելի թշուառ է որքան անապագայ մարդ մը:

Էլի Վեզէլ, Խաղաղութեան Նոպէլեան դափնեկիր:

 

Երբեմն, անմիջականէն հեռանալով, անհատ եւ հաւաքականութիւն, քաջութեամբ պէտք է քննեն  կացութիւնները, որոնց ցանցին մէջ կը գտնուին, զոր ընտրած կ’ըլլան կամ անոնք իրենց պարտադրուած կ’ըլլան:

Առանց կացութիւններու ըմբռնումին, անհատ եւ հաւաքականութիւն կը դատապարտուին բուսական կեանքի. ծնիլ, ապրիլ, արտադրել, սպառել եւ սպառիլ, առանց անհանգստացնող հարցումներու դիմաց կանգնելու:

Սպառողական, պատկերի եւ անսանձ հաղորդակցական քաղաքակրթութիւնը ժամանակակից մարդը կը հեռացնէ, հեռացուցած է ինքնաճանաչումէ, որ եկած է եւ կայ՝ ընդհանուր բնորոշումով՝ մշակութային ժառանգութեամբ:

Մշակոյթը ընդհանուր պարագրկումն է մտածման, բնութենէն տարբերութեան նուաճում, որ յատուկ է մարդուն: Ան միաժամանակ աճած է մարդուն հետ, բնութեան կարգին մէջ, դարձած է մարդու իւրայատկութեան (ներուն) ստորոգելին:

Եւ յառաջացած են տարբերութիւններ, զորս անգիտանալ կամ ջնջել տիեզերքի մէջ մարդու եւ անոր միտքի արկածախնդրութեան դէմ չարիք է, արժէքային համակարգի խախտում, անգիտացումը նոյնինքն մարդու Բնութեան:

Քայլ մըն ալ անդին երթալով, կ’իյնանք բնազանցական, աստուածաբանական եւ կրօնական բացատրութիւններու մէջ, այլապէս կարեւոր մարդկային կացութիւնը հասկնալու համար, որ իր զանազանութիւններով, տարբեր խնդիր է:

Հայ ժողովուրդը, ինչպէս ուրիշ ժողովուրդներ, պատմութեան ընթացքին իւրայատուկ ինքնութիւն կերտած են: Հայու ինքնութիւնը դաջուած է իր երկրին մէջ, ոչ միայն այսօրուան Հայաստանը եւ Արցախը, այլ նաեւ բռնագրաւուած Հայաստանը: Այդ ինքնութիւնը լայն առումով մշակոյթ է,- լեզու, գիր, գրականութիւն, երգ-երաժշտութիւն (հարազատը եւ ոչ կապկումները), արուեստներ, ճարտարապետութիւն:

Դժխեմ պատմութիւնը ըրած է այնպէս, որ հայ ժողովուրդէն հատուածներ, որոնք գաղթական եղած են, օտար աշխարհներ իրենց հետ տարած այդ ինքնութիւն-մշակոյթը, որպէս տոկալու եւ տեւելու յենարան: Բայց ոչ ոք այնքան միամիտ պէտք է ըլլայ խորհելու, որ մարդոց հետ գաղթական եղած ինքնութիւն-մշակոյթը եւ զայն կրող հաւաքականութիւնները կրնան ինքնուրոյնութեամբ յաւերժանալ: Անոնք կը նմանին ջերմանոցի մէջ պահուող բոյսերու եւ ծաղիկներու: Գաղթականութեան բազմերանգ աշխարհները, հայուն համար, իր ինքնութեամբ կարենալ տեւելու համար ժամանակաւոր կայաններ են, այլանալէ առաջ:

Այս գիտակցութիւնը ազգային ճշմարիտ գաղափարախօսութեան նախադրեալն է: Իսկ գաղափարախօսութիւն մը, երբ չ’առաջնորդեր գործի, չի դառնար praxis, ճպուռի երգ է, դատապարտուած է անվաղորդայն ըլլալու:

Խօսինք աւելի պարզ: Գաղթականութեան բազմերանգ աշխարհները, զորս սովորաբար կը կոչենք սփիւռք(ներ), ազգի լինելութեան գիծին վրայ, գոյութենական ի՞նչ բանի խոստում են: Սփիւռք կացութիւնը միթէ՞ չէ դատապարտուած ազգային չըլլալու, հակառակ ազգայինի հաւատարմութեամբ գործողներու, որոնց շարքերը կը նօսրանան, պիտի նօսրանան տարածուող թափառումներու ճամբաներուն վրայ, կորսնցնելով սեփական մշակոյթը եւ իւրացնելով շրջապատի մշակոյթը եւ անով ինքնահաստատում փնտռելով, որ շարունակութիւն պիտի չըլլայ:

Աւելի պարզ. սփիւռքեան կացութեան մէջ գոյապահպանումը միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ: Այս ողջմիտ հասկացողութիւն է, որ կը վերաբերի ոչ թէ անհատներուն, այլ՝ ազգի հատուած ըլլալու յաւակնութիւն ունեցող հաւաքականութիւններուն: Այս հաստատումէն մեկնելով, Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի իրաւ ղեկավարութիւնները ապագայատես որոշումներ կայացնելու եւ նախաձեռնութիւններ ունենալու գիտակցութիւն եւ պարտականութիւն պէտք է ունենան:

Այսօր ղեկավարութիւնները կանգնած են, իրենք զիրենք կանգնած պէտք է զգան, երրեակ ենթամասերով մէկ հարցի դիմաց. տիրութիւն ընել հայու համրանքին՝ կարենալ տիրութիւն ընելու համար հայկական ինքնութեան եւ հայրենիքին:

Այս հարցի լուծումը կարելի չէ գտնել ո՛չ զգացական ճառով, ո՛չ ժամանակավրէպ ներազգային քաղաքական-գաղափարաբանական կաղապար շատախօսութիւններով:

Առաջին հերթին պէտք է յայտարարել, որ մերօրեայ արտագաղթը աղէտ է, առանց ծանծաղելու արդարացման եւ ինքնարդարացման ճապկումներու մէջ, ընդունելով, որ արտաքին անբարեացակամ ուժեր պատճառ չեն աղէտին: Այս ընելու համար հայկական տնտեսական եւ մտաւորական ներուժը անխափան եւ նպատակասլաց կերպով պէտք է գործէ, չգոհանալով քարոզչական մանրուքներով, առանց մխրճուելու զգացական հայրենակցական տխրութիւններու մէջ: Հայաստանի իշխանութիւնները զանազան բնոյթի պերճանքներէ հրաժարելով, օրինակալիութեամբ, պէտք է կարենան հայ մարդուն իր հողին վրայ եւ հայրենիքին մէջ ապրելու հնարաւորութիւններ ստեղծել:

Համրանքի եւ հայրենիքի գոյապահպանական երկրորդ անշրջանցելի հրամայականը հայրենադարձութիւնն է, զոր հարկ է կազմակերպել: Հայրենադարձութիւնը հաւաքական քաղաքական յանձնառութիւն է, ոչ նպաստամատոյց, ոչ բարեսիրութիւն, եւ ոչ ալ զգացումներ հովահարող զբօսաշրջութիւն (տուրիզմ): Քաջութիւն կ’ունենա՞ն հայկական պետութիւնը եւ ներսի ու դուրսի կազմակերպութիւնները (միութիւններ, կուսակցութիւններ, եկեղեցի) յայտարարելու, որ յամի այսինչ կամ այնինչ թուին, քանի անձի եւ ընտանիքի հայրենադարձութիւնը ապահովեցին:

Կը հասնի՞նք ըստ թիւերու եւ ոչ ըստ ճառերու դատելու եւ գնահատելու իմաստութեան:

Արտագաղթի կասեցում եւ հայրենադարձութիւն իսկական ազգային հեռանկարային քաղաքականութիւն են, որուն համար համազգային զօրաշադժ պէտք է. պետական միջոցներ, անհատներու եւ կազմակերպութիւններու միջոցներու ներդրում, եւ մտաւորականութեան կողմէ տարուող լուսաբանական, քաղաքական եւ գաղափարախօսական պայքար: Անոնք մեծ բացականերն են:

Տրամաբանութիւնը պարզ պէտք է ըլլայ բոլորին համար եւ ամէն տեղ. ժամանակի գիծին վրայ հայ մարդը եւ հայ կեանքը պիտի շարունակուին միայն հայրենիքի մէջ, որ մնացեալը միայն ժամանակաւոր է: Բայց կարծէք մեր աչքերը եւ ականջները փակած ենք այս պարզ ճշմարտութիւնը չտեսնելու եւ չլսելու համար:

Կայ նաեւ գոյապահպանական այլ հիմնահարց, որ մշակոյթով եւ ինքնութեամբ տեւելու կը վերաբերի, որուն համար ենթահող չեն արտագաղթը եւ սփիւռք(ներ)ը: Ազգի եւ հայրենիքի տիրութիւն ընելու եւ գոյապահպանական իրաւ քաղաքականութեան համար հարազատութիւն պէտք է, որ հեռուէն դիտողի յուզում չէ:

Այդ քաղաքական հարազատութեան զուգահեռ կենսական է անխաթար եւ անխառն մշակոյթը, որպէս պատմութիւն, լեզու, գիր-գրականութիւն, որ ոչ թանգարանային է եւ ոչ ալ շաբաթավերջի հաճոյք-զբաղում, որ չէ նաեւ այլ երկինքներու տակ եղածը չտեսներու ծափահարած եւ հիացած երգ-երաժշտութեան խայտառակ կապկումը:

Սեփական ինքնութեան եւ դիմագիծի կամայ-ակամայ զեղծումը պիտի շարունակուի քանի կ’ընդունինք պարտադրուած եւ ինքնապարտադրուած մոլորակային թափառումները:

Դեռ կարելի է՞ մշակել եւ գործադրել արմատաւորման (enracinement) գաղափարախօսութիւն մը, ներսի եւ դուրսի համար միաժամանակ, որպէսզի օր մը հայութեան համար չըսուի մեռած ազգ, եւ ազգային լեզուն ալ, միշտ ներսը եւ դուրսը, խառնուելով չայլասերի, դառնայ մեռեալ լեզու:  Մեզ յուզող վերանկախացած Հայաստանի մէջ ամէն օր օտարուող եւ անհարազատացող խօսուող-գրուող լեզուին պէս, զոր հասկնալու համար քանի մը ուրիշ լեզուներ ալ պէտք է գիտնալ:

Վարդապետականօրէն կը խօսուի աշխարհի մասին, միութիւն բազմազանութեան մէջ տարազը գործածելով:

Իսկ բազմազանութեան մէջ ինքնուրոյն ըլլալու համար հարազատութիւնը հարկ է անխարդախ պահել:

Հարցում. այսօր, զանգուածներու մակարդակին, ինչպէ՞ս անխարդախ կը պահուի հարազատութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Ի՞նչ կ’ընենք որ ան պահուի: Ինչպէ՞ս պիտի պահուի մեր համրանքը, որպէսզի ան չըլլայ ծագումով հայերու յիշատակի ալպոմ:

Եւ ինչպէ՞ս զանգուածները պիտի ապրին եւ գործեն ոչ որպէս բարեսէր զբօսաշրջիկներ, այլ՝ որպէս իսկական հայրենատէրեր:

Այս հարցերը լրատուութիւն չեն, լսուող եւ մոռցուող, կամ շաբաթավերջի հանդէս-խրախճանք:

Ազգին եւ անհատներու ազգին հետ ունեցած-չունեցած սերտակցութեան հարց կայ, մրցակցութենէ եւ հակամարտութենէ տարբեր որակ եւ հորիզոն կ’ենթադրէ:

Կ’ենթադրէ նաեւ, էսթէպլիմընթային հրավառութիւններէ վեր եւ անդին, շարունակութիւն եղող ազգային հարազատութեամբ ղեկավար եւ ղեկավարում: