Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Համայնքի Նոր Նախարարուհի Վարդինէ Օհանեանը

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի նոր կառավարութենէն ներս հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ հայ երեսփոխանական պլոքի պետ՝ Յակոբ Բագրատունիին: Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհաւորութիւնը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց նոր նախարարուհիին:

Լիբանանի նորակազմ կառավարութենէն ներս, ամէնէն երիտասարդ նախարարն է Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը: Ան ծնած է 1984-ին, յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ ապա Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ: Աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը: Ունի մագիստրոսի աստիճան՝ ընկերային հոգեբանութեան մէջ: Նաեւ ունի «Ծրագիրներու կառավարման» վկայական՝ Հայկազեան համալսարանէն:

Ան, 2017-էն մինչեւ այսօր տնօրէն է «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի: 2013-էն 2017 եղած է նոյն կեդրոնի ընկերային ծառայողը: 2007-էն 2008 իբրեւ ընկերային ծառայող աշխատած է Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին մէջ: 2005-էն 2008 եղած է «Թռչնոց բոյն»-ի ընկերային ծառայողը: