Հայաստան Ընտրուած է UNESCO-ի Կրթութեան Միջազգային Բիւրոյի Խորհուրդի Ղեկավար Կոմիտէի Նախագահ

Աշխարհ, Հայաստան

Ժընեւի մէջ, Յունուար 21-ին, UNESCO-ի կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդի որոշումով՝ Հայաստանը ընտրուած է Խորհուրդի ղեկավար կոմիտէի նախագահ 2020-2021 թթ. համար: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատւութեան վարչութենէն` յիշեցնելով, որ 2019 Նոյեմբեր 21-ին Փարիզի մէջ UNESCO-ի Գլխաւոր խորհրդաժողովի 40-րդ նստաշրջանին ծիրէն ներս՝ Հայաստանը ընտրուած է UNESCO-ի կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդի (2019-2023թթ. ժամանակահատուածի համար) եւ Գլխաւոր խորհրդաժողովի իրաւական կոմիտէի անդամ (41-րդ նստաշրջանի համար):