Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Գրադարանի Վերածուեցաւ

Աշխարհ, Էրկիր

 Կեսարիոյ քաղաքապետարանին նախաձեռնած վերանորոգութեան աշխատանքներէն ետք, Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին իբրեւ գրադարան վերաբացուեցաւ Յունուար 15-ին։

Յիշեցնենք, որ 1800-ականներուն կառուցուած եկեղեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ծառայած էր իբրեւ ոստիկանական բաժին եւ մարզասրահ:

Նախապէս եկեղեցին իրենց յանձնելու խնդրանքով իշխանութեանց դիմած էր Կեսարիոյ բողոքական համայնքը, հոն իրենց կրօնական արարողութիւնները կատարելու համար, նկատի ունենալով, որ համայնքը աղօթատեղի չունի: Սակայն, այդ դիմումը մերժուած էր: