ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական 48-րդ Ժողովը Ընտրեց Շրջանային Վարչութեան Նոր Կազմը. Հաղորդագրութիւն

Սփիւռք

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական 48-րդ ժողովը գումարուեցաւ կիրակի, 12 յունուար 2020-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» ժողովասրահին մէջ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դիւանին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հիւրերու, խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի 10 մասնաճիւղերէ 53 լիազօր ներկայացուցիչներու:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ընթերցեց վեցամսեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, ապա ժողովը քննարկեց միութեան սկաուտական, մարզական, կազմակերպական, դաստիարակչական եւ քարոզչական իրավիճակը, յատկապէս` երկրին ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ, եւ մշակեց ծրագիրներ յօգուտ միութեան եւ անդամներուն:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութեան կազմ` բաղկացած հետեւեալներէն.

Րաֆֆի Մումջողլեան
Հայկ Թապաքեան
Սիլվա Սաղրեան
Արտա Զէյթունլեան
Լեւոն Մուրաջանեան
Հրայր Սէթեան
Յակոբ Սարգիս Քէշիշեան
Սեպուհ Թոփալեան
Սեւակ Աբրահամեան
Սոնա Պօղոսեան
Ուիլսըն Քէօշկերեան

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ
48-ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ