Հին Նոր Տարին

Այլեւայլ

Հին եւ նոր տոմարներ արտայայտութիւնը կը լսենք յատկապէս Ամանորի օրերուն, երբ կը խօսուի Նոր Տարին նաեւ հին տոմարով դիմաւորելու մասին: Ի՞նչ են հին եւ նոր տոմարները: Նոր տարին Յունուար 1-ին սկսաւ տօնուիլ Ք.Ա. 46 թուականին` Հուլիոս Կեսարի օրով, երբ անոր կողմէ գործածութեան մէջ դրուեցաւ նոր տոմար մը, որ անոր անունով կոչուեցաւ հուլեան տոմար: Ըստ այդ տոմարին` տարին ունէր ոչ թէ 365 օր, 5 ժամ, 48 վայրկեան, 46 երկվայրկեան, այլ 365 օր, 6 ժամ, այսինքն՝ ճշգրիտ հաշւումներով որոշուած տարիէն 11 վայրկեան 14 երկվայրկեանով երկար էր։

Սխալմունքը վերացնելու նպատակով՝ Հռոմի Գրիգոր 13-րդ պապը Եւրոպայի նշանաւոր տոմարագէտները հրաւիրեց Հռոմ, որպէսզի նորը մշակեն։ Բազմաթիւ նախագիծերէն ընդունուեցաւ իտալացի բժիշկ եւ աստղագէտ Ալոիս Լիլիոյի նախագիծը, որ կիրառուեցաւ 1582 Հոկտեմբեր 15-էն։ Քանի որ հուլեան տոմարի 11 վայրկեան 14 երկվայրկեանի սխալը Ք.Ա. 46 թուականէն մինչեւ 1582 թիւը կուտակուելով դարձած էր 10 օր, այսինքն` ժամանակը 10 օր ետ մնացած էր, ուստի սխալը ուղղելու համար որոշուեցաւ 1582 Հոկտեմբեր 4-էն ետք ոչ թէ Հոկտեմբեր 5-ը ընդունիլ, այլ` Հոկտեմբեր 15-ը։

Այսպէս սկսաւ նոր տոմարը, որ Հռոմի Գրիգոր պապի անունով կոչուեցաւ «Գրիգորեան»։ Մօտ 340 տարուան ընթացքին նոր տոմարը ընդունեցին աշխարհի գրեթէ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդները։ Վերջինը ընդունեց Եգիպտոսը (1928-ին), իսկ Ռուսիան նոր տոմարին անցաւ 1918 Յունուար 1-ին։ Քանի որ 1582-էն մինչեւ 1918 թուականը, այսինքն` 336 տարուան մէջ վերոյիշեալ 11 վայրկեան 14 երկվայրկեանը կուտակուելով դարձած էր 3 օր, ուստի այդ երկրին մէջ նոր տոմարը հինէն երկար էր ոչ թէ 10, այլ 13 օրով։ Այստեղէն ալ՝ նոր տոմարին համեմատ՝ հին տոմարի 13 օրուան տարբերութիւնը։

(Հին Նոր Տարին կը սկսի Յունուար 14-ին, այսինքն՝ Յունուար 13-ի գիշերը՝ 24,00-ին)։

Ադամ քահանայ Մակարեան. Քրիստոնէութեան իսկութիւնը (գիտելիքներ հաւատացեալներուն)