Տիարպեքիրի Պատմական Պարիսպի Քարերը Կը Վաճառուին եւ Կ՛օգտագործուին Սրճարաններ կառուցելու Նպատակով

Աշխարհ, Էրկիր

UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած Տիարպեքիրի պատմական պարիսպի քարերը Թուրքիոյ մէջ կը քանդուին եւ կը վաճառուին: Ատիկա նկատուած է յատկապէս Մարտինքափըի հատուածին մէջ: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ «Մեզոփոթամիա» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին համաձայն` խնդրին անդրադարձած է թուրք ճարտարապետ Արիֆ Իփեքը, որ մասնաւորապէս յայտնած է, թէ քանի որ տեղահան եղած քարերու հետքերը թարմ են, ակնյայտ է, որ քարերը ոչ թէ ժամանակի ընթացքին ինկած են, այլ` անոնք տեղեն հանուած են մարդոց կողմէ:

Արիֆ Իփեք լրատուական գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, եթէ անհրաժեշտ միջոցներ չձեռնարկուին, այդ աւիրումը պիտի շարունակուի եւ ըսած․ «Հարկաւոր է պարբերական հսկողութիւն սահմանել, եւ այս հարցով պատասխանատու եւ իրաւասու հաստատութիւնը պէտք է շուտափոյթ սկսի այդ ուղղութեամբ աշխատանքներու»: