Պատմական Օր է Ոչ Միայն Հայերու, Այլեւ Թուրքիոյ Ժողովուրդին Համար․ Թաներ Աքչամ

Աշխարհ

Յայտնի թուրք ցեղասպանագէտ, պատմաբան Թաներ Աքչամ ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման որոշումը գնահատած է պատմական, եւ ըսած է՝ այսօր պատմական օր է ոչ միայն հայերու, այլեւ Թուրքիոյ ժողովուրդին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը պայքարին յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան:

Ան այդ մասին գրած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ:  Թուրք պատմաբանը նշած է, որ ԱՄՆ Քոնկրեսէն ետք, Ծերակոյտը նոյնպէս որոշում ընդունած է Ցեղասպանութեան մասին:

«Այժմ կառավարութեան երեք կարեւոր  հիմնասիւներէմ երկուքը` Քոնկրեսն ու Ծերակոյտը, ընդունած են Ցեղասպանութիւնը: Մնացած է միայն ղեկավարը: Եթէ նոյնիսկ Թրամփը պաշտօնապէս չօգտագործէ Ցեղասպանութիւն բառը, մենք այժմ կրնանք ըսել, որ Միացեալ Նահանգները օրինական ընդունած է Ցեղասպանութիւնը»,- Panorama.am-ի փոխանցմամբ` մասնաւորապէս գրած է Աքչամ: